«Ռոսպլաթ» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակի հրամանատարութիւնը աւարտած է զինեալ ուժերու զարգացման բազմամեայ ծրագիրի մը շուրջ տարուող աշխատանքները:
Ծրագիրը կը նախատեսէ զինուորական եւ թիկունքային զօրամասերու կրճատում. շուրջ հինգ հազար պայմանագրային զինուորներ պիտի հեռացուին աշխատանքէն:
Այժմ ծրագիրը պէտք է հաստատուի կառավարութեան կողմէ:
Ծրագիրին մէջ կը նշուի, որ բարեփոխումներուն նպատակն է բանակը համապատասխան դարձնել մարտահրաւէրներուն, որոնց դիմաց պիտի կանգնի Իսրայէլը 21-րդ դարու ընթացքին: Մեծաքանակ հետեւակային զօրքերու մասնակցութեամբ Իսրայէլի եւ այլ պետութեանց միջեւ պատերազմի հաւանականութիւնը կը նուազի: Միաժամանակ կ՛աճին վտանգները, որոնք կու գան ահաբեկչական խմբաւորումներէն եւ իսրայէլեան պետութեան հակառակորդներուն հրթիռային զինանոցներէն:
Այս վտանգներուն հակադարձելու համար անհրաժեշտ են որակեալ տեղեկութիւններ, ինչի համար ստացուած միջոցներուն մէկ մասը պիտի տրամադրուի զինուորական հետախուզութեան:


