Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաբաթ Օր Նախագահին Հրաւիրած Քննարկումը Մտահոգութիւններ Յառաջացուցած Է ՀՅԴ-ի Մէջ

July 4, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արմէն Ռուստամեան

Հայաստանի Վերահսկիչ պալատի վերջին բացայայտումներուն առնչութեամբ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կատարած խորհրդակցութիւնը մտահոգութիւններ յառաջացուցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մօտ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ այսպիսի քննարկումներ կրնան յանգեցնել Վերահսկիչ պալատի հիմնարկը «խեղդելուն»` յայտարարելով, որ որեւէ մէկը իրաւունք չունի այս անկախ մարմինին ցուցմունքներ տալու եւ սորվեցնելու:

«Մեզի համար կարեւոր է պետական կառոյցներու կայացումը, մենք այսօր լուրջ հարց ունինք իշխանական համակարգին մէջ հակակշռման եւ զսպման մեքանիզմներ յառաջացնելու, միւս կողմէ ալ` պիտի  չխեղդենք Վերահսկիչ պալատը, որ ըստ էութեան, այսուհետեւ որեւէ մէկը խուսափի որոշ բանի մասին խօսելէ: Ես աւելի շատ այդ մտահոգութիւնը ունիմ, որովհետեւ այսպիսի քննարկում այսպիսի ձեւով կատարելը կրնայ նաեւ յանգեցնել անոր, որ որեւէ յաջորդ Վերահսկիչ պալատի հաշուետուութիւն սկիզբէն ըլլայ այնքան անորոշ, որ իմաստ ալ չունենայ ընդհանրապէս ատիկա քննարկելը», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:

Շաբաթ օրը նախագահին մօտ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Վերահսկիչ պալատի նախագահ Իշխան Զաքարեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ, նշենք, որ Սերժ Սարգսեան անդրադառնալով շարք մը մարզերու մէջ պիւտճէի միջոցներու մսխման վերաբերեալ Իշխան Զաքարեանի գաղթակղիչ հաշուետուութեան, վարչապետին յորդորեց հատ առ հատ բաց եւ թափանցիկ քննարկել դրուած հարցերը, ճշդել` չարաշահումներու վերաբերեալ պնդումները քրէական յանցագործութիւննե՞ր, թէ՞ կառուցուածքային խնդիրներ են: Միաժամանակ նախագահը դիտողութիւններ կատարեց Իշխան Զաքարեանին` յորդորելով զերծ մնալ գնահատականներ տալէ: «Որեւէ մէկը ձեր կարծիքը չ՛ակնկալեր լսել», յայտարարեց ան` աւելցնելով.  «Դժբախտաբար, շատ պարագաներու մեր Վերահսկիչ պալատը վերածուած է տեսչական մարմինի»:

Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Վերահսկիչ պալատի անկախութիւնը երաշխաւորուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 83.4 յօդուածով:

«Պէտք է շատ լաւ գիտակցինք, որ Վերահսկիչ պալատը անկախ մարմին է: Մենք կ՛երեւի լաւ չենք ընկալեր, թէ ինչ կը նշանակէ անկախ մարմին, անկախ մարմիններուն այս կամ այն կողմէ ցուցմունքներ տալը արգիլուած է: Այդ անկախութեան հետ կապուած կը յառաջանան նաեւ հարցեր», ընդգծեց պատգամաւորը:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը կարծէ՞, որ Իշխան Զաքարեան Ազգային ժողովին մէջ քաղաքական յայտարարութիւններ կատարած է, որուն իրաունքը չունէր, եւ նախագահը անոր համար դիտողութիւն տուաւ անոր, պատգամաւորը յայտնեց, որ  այդտեղ շատ ազատ մեկնաբանութեան հարց է, քաղաքականը իրաւականէն դժուար է տարանջատել, հիմա մէկը կրնայ նոյն յայտարարութիւնը իրաւական նկատել, միւսը` քաղաքական:

 

Նախորդը

Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին Նուիրուած Մոմավառութեան Ընթացքին. «Ատիկա Կրակոց Էր Մեր Պետականութեան Վրայ» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

Յաջորդը

Քալիֆորնիոյ Մէջ Քննարկում` Համբիկ Սասունեանի Ներման Դիմումին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.