Քալիֆորնիոյ բանտարկեալներու ներման դիմումները քննող յանձնախումբը երէկ քննութեան ենթարկեց Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան մեղադրանքով դատապարտուած Համբիկ Սասունեանի ներման դիմումը: Երեք տարի առաջ նման դիմում մը յանձնախումբը մերժած էր:
Այս տարի 1 յունուարին Միացեալ Նահանգներու Սեն Լուիս Օպիոփօ բանտին մէջ Ամանորի հետ միաժամանակ իր 50-ամեակը նշած Հայ դատի նուիրեալը ծնած է 1963-ին` Պէյրութի մէջ:
Պուրճ Համուտի մէջ մեծցած 19-ամեայ Համբիկ Սասունեան 28 յունուար 1982-ին Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսը ահաբեկելու մեղադրանքով ձերբակալուեցաւ եւ դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան:
Մինչեւ թերթին լոյս տեսնելը տակաւին ոչ մէկ տեղեկութիւն կար յանձնախումբի որոշումին մասին:


