Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրաչ Մուրադեանի Յիշատակին Նուիրուած Մոմավառութեան Ընթացքին. «Ատիկա Կրակոց Էր Մեր Պետականութեան Վրայ» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

July 4, 2013
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
(Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Նախանցեալ երեկոյեան Պռօշեանի գիւղապետարանի յարակից հրապարակը մարդաշատ էր: Տեղւոյն ՀՅԴ «Դրօ Կանայեան» կոմիտէին հրաւէրով այնտեղ հաւաքուած էին դաւադիր գնդակի զոհ դարձած Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի մարտական ու կուսակցական ընկերները, գիւղի հասարակութեան բազմաթիւ ներկայացուցիչներ` մասնակցելու արցախեան պատերազմի հերոսին եւ յարգուած գիւղապետի յիշատակին կազմակերպուած մոմավառութեան:

Նախքան արարողութեան սկիզբը խօսք առին բժիշկ-ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, որոնք, ընդգծելով Հրաչ Մուրադեանի նման հերոսներու մարդկային տեսակի կարեւորութիւնը Հայաստանի ու ժողովուրդին համար, միեւնոյն ժամանակ պահանջեցին ամէն ինչ ընել բացայայտելու այս ոճրագործութեան կատարողները, կազմակերպիչները եւ դրդիչները:

Արծուիկ Մինասեան մասնաւորաբար կոչ ուղղեց պռօշեանցիներուն ամէն ձեւով աջակցելու հետաքննութեան, ապա թէ ոչ, այն ինչ որ կատարուեցաւ Հրաչ Մուրադեանի հետ, վաղը, միւս օրը կրնայ տեղի ունենալ անոնց հետ, որոնք տեսած են եղելութիւնը, բայց, վախնալով, կը լռեն այդ մասին: Արծուիկ Մինասեան իր խօսքին մէջ Հրաչ Մուրադեանի վրայ արձակուած կրակոցը որակեց կրակոց Հայաստանի, մեր պետականութեան, արցախեան հերոսամարտի մասին մեր ունեցած համոզմունքին վրայ: Դաշնակցական պատգամաւորը աւելցուց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, որովհետեւ այսօր անոնք են երկրին տէրը, պարզապէս պարտաւոր են բացայայտել Հայաստանի դէմ ուղղուած այդ նենգ դաւադրութիւնը:

Այնուհետեւ արարողութեան մասնակիցները կտրեցին եւ հանեցին ասֆալտի այն կտորը, որուն վրայ, ինչպէս նշեց Տարօն Տօնոյեան` հակառակ տեղացած անձրեւներուն, արեւին, տակաւին պահպանուած էին հերոսի արեան հետքերը: Կտրուած ասֆալտի կտորը պիտի տեղափոխուի թանգարան, որուն կառուցումը սկսած էր Հրաչ Մուրադեան, եւ պիտի ցուցադրուի անոր մասին պատմող միւս ցուցանմուշներուն կողքին: Կտրուած ասֆալտին փոխարէն պիտի տեղադրուի մարմարէ սալիկ:

Այնուհետեւ մոմավառութեան մասնակիցները ծաղիկներով պատեցին հերոսին ինկած վայրն ու կատարեցին մոմավառութիւն` այդ ձեւով իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելով Հրաչ Մուրադեանի անմահ յիշատակին:

Մոմավառութեան արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Երիտասարդ Քաղաքական Գործիչներու Հաւաքին

Յաջորդը

Շաբաթ Օր Նախագահին Հրաւիրած Քննարկումը Մտահոգութիւններ Յառաջացուցած Է ՀՅԴ-ի Մէջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.