Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ շեշտեց, որ մինչեւ 9 յունիս երեքուկէս ամիս կայ եւ անիկա բաւարար ժամանակ է ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու:
Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ 1960-ի ընտրական օրէնքը մահաքունի մէջ մտած է եւ որեւէ նոր օրէնք կրնայ արագացնել անոր «յուղարկաւորութիւնը», ողջունելի կեցուածք մըն է:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ինք երբեք չէ ընտրած Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը, սակայն խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերն են, որոնք վաւերացուցած են զայն, հակառակ անոր որ տակաւին ի գործ կը դրուին ջանքեր` խառն օրինագիծի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու իմաստով:
Պըրրի յայտնեց, որ վերջերս Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան իրեն ներկայացուցած է խառն օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ 68 երեսփոխաններ պիտի ընտրուին մեծամասնական դրութեան հիման վրայ, իսկ 60 երեսփոխաններ` համամասնական դրութեան հիման վրայ:
Ան աւելցուց, որ ինք ողջունած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մօտեցումը եւ Ատուանի խորհուրդ տուած, որ այդ մասին խորհրդակցի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:


