ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ վարչապետի Բ. տեղակալ Մըքրեն պըն Ապտել Ազիզ իշխանը երէկ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա երբեք չի միտիր Լիբանանի դրամատուներէն դուրս բերել իր գումարները:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ծոցի երկիրները լիբանանեան դրամատուներէն դուրս բերած են մեծ գումարներ` Ծոցի երկիրներուն վերաբերող կարգ մը կեցուածքներուն պատճառով:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ ապահովութեան ուժերն ու բանակը ամէն ջանք ի գործ դրին արգիլելու համար Պիլալ պըն Ռապահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիրի հրաւիրած նստացոյցը` սահմանափակելով զայն մզկիթին շրջափակին սահմաններուն մէջ: Պէտք է նշել, որ շէյխ Ասիր իր հետեւորդները նստացոյցի մը հրաւիրած էր երեկոյեան ժամը 5:00-ին` շեշտելով, որ ինք այդ նստացոյցին ընթացքին կեցուածք մը պիտի արտայայտէ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի 2013-ի պետական պիւտճէի նախագիծը փոխանցեց նախարարաց խորհուրդին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարը խորհրդարան ուղարկելու առումով:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ապտալլա Սանուսի խոստովանած է, թէ ինք իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումէն եւ զայն երեք տարի լիպիական բանտերուն մէջ արգելափակելէ ետք զայն յանձնած է պաղեստինցի Սապրի Պաննայի (Ապու Նիտալ), որ աւելի ուշ Քազզաֆիի հրահանգով սպաննած է Սատըրը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրիի համաձայն, Ծոցի երկիրներուն մէջ գտնուող 600 հազար լիբանանցիներու ճակատագիրը վտանգի ենթարկուած է: Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը կը շարունակէ իր նպատակներուն իրականացման գծով եւ իսկական թշնամիներուն դէմ դնելու իմաստով իր պատրաստուածութիւնը բարձր պահել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխանախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քաղաքական որեւէ ուժի կողմէ Թաէֆի համաձայնագիրին խախտումը կ՛ուղղուի դէպի նոր վարչակարգի յայտարարութիւն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման իր նախարարները յետս պիտի կոչէ կառավարութենէն եւ դադրեցնէ կառավարութեան նիստերը, եթէ նախարարաց խորհուրդը մերժէ վաւերացնել ընտրական յանձնախումբերը կազմելու որոշումը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական համախոհական օրէնք մը վաւերացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի կողմէ տրուած որոշումը սուրիական տագնապին ուղղակի միջամտութիւն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը իրողութիւն կարելի է նկատել:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի խորհրդական Խալտուն Շերիֆ շեշտեց, որ իր կարծիքով, յունիսին երեսփոխանական ընտրութիւններ պիտի չկատարուին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ համախոհական ընտրական օրէնք մը մշակելու առումով քննարկումները ընթացքի մէջ են:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց կառավարութեան վաւերացնելու պետական պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց պետութեան ստանձնելու իր դերակատարութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը միասնական են:
ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալ մը շաբաթավերջին զէնքի ուժով «Պիպլոս» դրամատան Ժնահի մասնաճիւղէն 17 հազար տոլար գողցաւ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական, նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ եթէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլա շարունակեն իրենց ոչ ճկուն կեցուածքին կառչած մնալ, ապա երեսփոխանական ընտրութիւնները կրնան յետաձգուիլ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ ընտրական պայքարը անկարելի է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունելէ ետք Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսարը, անհրաժեշտ նկատեց Տնտեսական խորհուրդներուն դերակատարութիւնը` Լիբանանի Տնտեսական կացութիւնը կայուն պահելու շրջագիծին մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ ինք Ուղղափառ հանդիպումին մշակած օրինագիծին դէմ է, սակայն կը հասկնայ այն պայմանները, որոնք մղած են նման օրինագիծ մը մշակելու:


