Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Մուհաննատին, որմէ ստացաւ Քաթարի շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանէն հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 26-27 մարտին Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական վեհաժողովին:
Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ: Քննարկուեցան վերոնշեալ վեհաժողովին նախօրեակին Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նախապատրաստական ժողովն ու Մանսուրի կողմէ այդ ժողովին ընթացքին կատարուած յայտարարութիւնները` յատկապէս Սուրիոյ մասին, ինչպէս նաեւ այդ նիստին ընթացքին որդեգրուած բանաձեւերը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ նախարարներուն կողմէ յայտարարուած որեւէ կեցուածք կամ տեսակէտ, յատկապէս միջազգային ամպիոններէն արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնները պէտք է համապատասխանեն շրջանային տագնապներէն Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքին:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ Լիբանանի անունով յայտարարուելիք որեւէ կեցուածքի մասին պէտք է խորհրդակցիլ հանրապետութեան նախագահին հետ, որ իր կարգին կը խորհրդակցի վարչապետին հետ:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Մանսուր Ղանեմ Պոն եւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն:


