
Երէկ Եգիպտոսի Մահալլա քաղաքին մէջ ցուցարարներու հետ բախումներու ընթացքին վիրաւորուեցան չորս ոստիկաններ: Շաբաթ օր Գահիրէի եւ Փոր Սայիտի մէջ բռնարարքներուն պատճառով երկու զոհեր եւ տասնեակներով վիրաւորներ արձանագրուած էին:
Բռնարարքներու նոր ալիքը ընթացք առաւ, երբ «Փոր Սայիտի մարզադաշտի ջարդ»-ին հարցով 21 ամբաստանեալներ կախաղան բարձրանալու, 5 ամբաստանեալներ ցկեանս բանտարկութեան, իսկ 6 ուրիշներ 15 տարուան բանտարկութեան վճիռ ստացան:
Գահիրէի մէջ ֆութպոլի Ահլի խումբի համակիրները Ժազիրա շրջանին մէջ գտնուող ոստիկանութեան ակումբն ու Եգիպտոսի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղին հրկիզեցին: Փոր Սայիտի մէջ անոնք ապահովութեան տնօրէնութեան եւ նահանգապետարանի շէնքեր ուղղուեցան` բողոքելու համար դատարանին արձակած վճիռին դէմ:
Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Իպրահիմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պահանջեց ոստիկանութիւնը ներքին քաղաքական տարակարծութեանց մէջ չներքաշել` աւելցնելով, որ զինեալ ուժերը չեն կրնար երկրին մէջ ապահովութեան պահպանման դերը կատարել` նշելով, որ ոստիկաններուն բարոյականը լրատուական իրերայաջորդ յարձակումներուն պատճառով անկում արձանագրած է:
Նշենք, որ Եգիպտոսի տարբեր շրջաններուն մէջ ոստիկաններ գործադուլ կատարեցին` պահանջելով դատական անձեռնմխելիութիւն ունենալ, ցուցարարներու հետ բախումներու ընթացքին աւելի ազդու զէնքեր ունենալ: Ներքին գործոց նախարարը խոստացաւ ջանալ անոնց հարցերը լուծել: Ան յայտնեց, որ «յեղափոխութենէն ի վեր ոչ իսկ փամփուշտ մը արձակուեցաւ»` հերքելով այն լուրերը, թէ ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն վրայ կրակ կը բանայ:
Իսլամական քաղաքական ուժեր պատրաստակամութիւն յայտնեցին ապահովական բացի ստեղծման պարագային «ժողովրդային յանձնախումբեր» կազմելու` փոխարինելու համար ոստիկանութիւնը: Սակայն Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ «նախարարութիւնը կրնայ Եգիպտոսի մէջ միլիսներու գոյութիւնը ընդունիլ միայն այն ժամանակ, երբ ոստիկանութեան բոլոր անդամները մահանան»:
Ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ներկայ տագնապը իր անձին կապուած չէ, «սակայն լրատուամիջոցներ այդ կարծիքը տարածեցին»: Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց հրաժարելու, եթէ այդ մէկը տագնապը կը լուծէ:


