. ԼԻԲԱՆԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժի այսօր Ռուսիա կ՛այցելէ` ընդառաջելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հրաւէրին:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Լիբանանի առջեւ այսօր ծառացած ամէնէն վտանգաւոր մարտահրաւէրը ներկայ սպասման ժամանակահատուածին շուրջ գոյութիւն ունեցող անորոշութիւնն է, որ աւելի կը սրի այն փաստով, որ Լիբանանը մինչեւ երէկ չէր ստացած բանակցութիւններու յաջորդ փուլի թուականի որեւէ հաստատում»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանանեան պատուիրակութիւնը բանակցութեան 8-րդ փուլին կը տանի շարք մը պահանջներ, որոնց գլխաւորը զինադադարի ամրապնդումը, իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցումն ու բռնագրաւեալ հողերէն հեռացումն, ըլլայ այդ փորձառական շրջաններու առաջարկի գործադրութեան շարունակութեամբ կամ աւելի ընդարձակ ու արագ հեռացումներու ճամբով, ինչպէս նաեւ` առկախ մնացած սահմանային կէտերու կարգաւորումը»:
. ՄԱԿ-Ի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Հիշամ Համտան «Լիուա» օրաթերթին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ բանակցութիւններու մէջ յառաջընթացի կարելիութիւն չկայ, բացի եթէ հաւանութիւն ստանայ այն ծրագիրը, ըստ որուն, Լիթանի գետէն հարաւ բոլոր զէնքերէ զերծ ըլլալու պայմանի գործադրութեան հսկողութեան համար Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ եւ ազդու պետութիւններու մասնակցութեամբ բազմազգեան ուժ մը կազմուի»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս իր հանդիպումներուն ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք Հարաւի մէջ միջազգային ուժի մը գոյութեան շարունակութեան ի նպաստ յստակ դիրքորոշում մը արտայայտեց` մեկնելով եւրոպական այն համոզումէն, թէ շրջանը առանց միջազգային հսկողութեան գործիքակազմի ձգելը կրնայ ապահովական յաւելեալ վտանգներու դուռ բանալ»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քալասի Լիբանան այցելութեան նպատակը ճամբան հարթելն է` յառաջիկայ ամիս ժամանման եւրոպական առաքելութեան, որ լիբանանեան բանակին ու ապահովական ուժերու խորհրդատուական առաքելութեան ու մարզումի ծրագիրներու ճամբով աջակցութիւն ու օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ:
«Որոշուած է, որ առաքելութեան անդամները տեղակայուին զօրանոցներու եւ մարզումի կեդրոններու մէջ, անոնք ներկայութիւն պիտի չըլլան Հարաւի մէջ` նկատի ունենալով, որ անոնց դերը կը սահմանափակուի ապահովական ու զինուորական հաստատութիւններու մարզումով ու խորհրդատուութեամբ` առանց շրջաններուն մէջ դաշտային որեւէ տեղակայման»:
. ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Թարեք Մըթրի «Մուտուն»-ին. «Իսրայէլեան խախտումներուն վերաբերեալ մեծ թիւով լուսանկարներ, վկայութիւններ, քարտէսներ ու տեղեկութիւններ ապահովուած են, սակայն կարեւորը զանոնք միայն հաւաքելը չէ, այլ զանոնք ենթարկելը ստուգման հոլովոյթի եւ աղբիւրներու համատեղման, ինչ որ կ՛արտօնէ իրողութիւնները ստուգել, եւ անոնց իրաւական բնոյթը ճշդել»:
. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բախումի ներկայիս կիրարկուող կանոններու խախտում չկայ: Հըզպալլան որոշեց չներքաշուիլ Նեթանիահուի ուզածին մէջ, որ իսրայէլեան ընտրութիւններու յետաձգում պարտադրող լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծելու պատրուակ օգտագործելն է»:
. ԼԻԲԱՆԱՆ-Սուրիա-Իրաք յարաբերութիւններուն առնչակից կողմեր «Ախպար» օրաթերթին. «Շարհի կորսնցուցած է իր խանդավառութիւնը Իրաքէն Լիբանան քարիւղի խողովակաշարի նախագիծի նկատմամբ, եւ կարծէք, ատիկա պայմանաւորուած է Իրաքի կառավարութեան կողմէ Պանիասի շրջանէն Թրիփոլի եւ մինչեւ Զահրանի երկարող կապի ստեղծման պնդումով»:
«Ախպար» օրաթերթը կ՛աւելցնէ. «Իրաքեան կողմը կ՛ուզէ քարիւղի խողովակաշարը երկարել Պասրայէն եւ ոչ թէ Քերքուքէն, եւ այդ հարցը ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Պարրաքի ճամբով քննարկած է թրքական եւ սուրիական կողմերուն հետ»:
. ԸՍՏ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, «Հըզպալլայի շարքերուն մէջ, մասնաւորաբար բարձրաստիճան ղեկավարութիւններու հետ աշխատող անդամներու կողմէ հրաժարականներուն թիւը աւելցած է, մասնաւորաբար հրաժարականի դիմում ներկայացուցած են ականաւոր անձնաւորութիւններու թիկնապահներ»:


