. ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդը այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ ժողով մը` քննարկելու 2027 թուականի պետական ամավարկի նախագիծն ու շարք մը այլ հարցեր:
. ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակ. «Կոլանի զօրամասէն ուժեր Հարաւային Լիբանանի մէջ 7-ամսեայ գործողութիւններէն ետք կը հեռանան»:
. «ԼԸ ՄՈՆՏ» օրաթերթ. «Ֆրանսայի մէջ դատական հայց մը իսրայէլեան բանակը կը մեղադրէ հարաւային Լիբանանի մէջ շրջակայ միջավայրի քանդման յանցանքով»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ լաւատեղեակ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Լիբանան երէկ Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական ու տնտեսական մակարդակներու վրայ ներկայ էր, սակայն առանց վճռական արդիւնքներու, որոնց վրայ կարելի է ներկայ կացութեան փոփոխութեան համար գրաւ դնել»:
. ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նաուաֆ Սալամի Ուաշինկթըն այցելութենէն լաւատեղեակ աղբիւրներ «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին կը յայտնեն, որ ամերիկեան կողմը յստակ կերպով արտայայտուած է Լիբանանէն պահանջուած յանձնառութիւններուն վերաբերեալ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի պետութեան կառավարման առնչուած հարցերուն: Լիբանանեան կողմը զարմացած է ամերիկեան վարչակազմին կողմէ կարգ մը մանրամասնութիւններու արծարծումէն` նշելով, որ անոնք անակնկալ էին, եւ Լիբանան զանոնք մանրամասնութիւն կը նկատէ, իսկ ամերիկեան կողմը զանոնք կը շեշտէ:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Դեսպան Սիմոն Քարամի Վատիկան այցելութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու թուականի կամ վայրի ճշդման ծիրին մէջ չէ, այլ այդ թղթածրարին շուրջ հաղորդակցելու եւ խորհրդակցելու, եւ Վատիկանը անոնց զարգացումներէն տեղեակ պահելու համար»:
. «ԱՍԱՍ ՄԻՏԻԱ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «պատրաստութիւն կը կատարուի սէուտական աշխատանոցներու, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի մէջ տնտեսական ու ապրուստի հարցերուն, մինչ Պէյրութ սէուտական մօտալուտ այցելութիւն մը կը սպասուի»:


