Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 25 սեպտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի տարիքային խումբերու վերակազմաւորման նուիրուած ձեռնարկ:
Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը արտասանեց Նորա Պուտագեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք ընդառաջեցին վարչութեան հրաւէրին եւ ներկայ գտնուեցան այդ նախաձեռնութեան: Ան ըսաւ. «ՀՄԸՄ-ը սփիւռքի մէջ մեր գոյատեւման սիւնն է, որուն իւրաքանչիւր մասնիկը կազմուած է մեր սիրելի միութեան անդամներէն` ըլլան անոնք սկաուտ, մարզիկ կամ համակիր: ՀՄԸՄ-ական ըլլալ կը նշանակէ գործունէութեամբ, զոհաբերութեամբ եւ կամաւոր աշխատանքով խոնարհաբար ծառայել մեր ազգին եւ մեր միութեան»:
Ն. Պուտագեան նշեց, որ Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն պատճառով որոշ ժամանակ մը դադրեցումէ ետք ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութիւնը կրցաւ վերակազմաւորել պասքեթպոլի տարիքային խումբերը, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակը հարստանայ հայ մարզիկներով, որոնք ապագային պիտի նպաստեն բարձր պահելու ՀՄԸՄ-ի անունը լիբանանեան մարզական կեանքին մէջ:
Ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վեթերան խմբապետ Րաֆֆի Քէշիշեանը, որ ըսաւ, թէ ՀՄԸՄ-ը իրեն համար ամէնէն խօսուն միութիւնն է, մանաւանդ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը, որ, հակառակ երկրին անկայուն վիճակին, միշտ ու միշտ կանգուն մնացած է: Ան այս առիթով իր հպարտութիւնը արտայայտեց մասնաճիւղին ամէնէն փոքրիկ սկաուտին, մարզիկին, անոնց խմբապետներուն, Սկաուտական խորհուրդին, յանձնախումբերուն եւ վարչական կազմին նկատմամբ, որոնք կը շարունակեն ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի երթը` նորանոր ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Ֆուատ Մուրատեան, որ Շրջանային վարչութեան անունով բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան այս նախաձեռնութիւնը եւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը: «ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութիւնը միայն մարզական դաշտերու վրայ կիրարկուած խիստ փորձերու եւ շապիկին վրայ ՀՄԸՄ-ի վահանը կրելով չի կատարուիր, անոնք անհրաժեշտ են, բայց ոչ բաւարար: ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութիւնը ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերուն ընդմէջէն եւ ՀՄԸՄ-ի ակումբներուն մէջ կ՛ամբողջանայ», շեշտեց ան: Իր խօսքի աւարտին Ֆ. Մուրատեան հաստատեց. «Այս բոլորէն մեկնած կը հաւատանք, որ այսօր հոս զետեղուած հունտերը, իրենց կողքին ունենալով ՀՄԸՄ-ի ակումբը եւ Սարդարապատի յաղթանակի կամարները, անկասկած պիտի ծլին եւ տան հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ական մարզիկներ, ամէնէն կարեւորը` լաւ միութենականներ»:
Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամ Վիգէն Աւագեան, որ գնահատելի եւ ողջունելի նկատեց մարզական տարիքային խումբերու կազմութիւնը` իբրեւ երաշխիք վաղուան առողջ ապագայի: Ապա, յուշերու վկայակոչումով մը ան նշեց, որ նախկին Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին դաշտը մինչեւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը, Պէյրութի ակումբի դաշտին կողքին, Պէյրութէն դուրս եղած է ՀՄԸՄ-ի գլխաւոր դաշտը, իսկ 1975-2000` քառորդ դար, ՀՄԸՄ-ի միակ դաշտը, ուր տեղի ունեցած են միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի խաղեր, ԼԵՎԱՄ-ի խաղեր, պատանեկան միութիւններու խաղեր եւ այլն: Հոս մարզուած են մասնաճիւղին տարիքային խումբերը եւ տղոց ու աղջկանց պասքեթպոլի լաւագոյն խումբերը: Հոս միայն պասքեթպոլ չէ խաղցուած, այլ` հայեցի մթնոլորտ ստեղծուած է, սերունդներ կերտուած են, նկարագիր եւ ինքնութիւն փոխանցուած է:
Շարունակելով, Վիգէն Աւագեան ըսաւ, որ պասքեթպոլի այս դաշտը ծնունդ տուած է աստղերու: Երբ այս դաշտը կը յիշենք` չենք կրնար չյիշել ՀՄԸՄ-ական աննման Մինոն` Մինաս Արզումալեանը, որ իբրեւ պասքեթպոլի մարզիչ երկար տարիներ սերունդներ մարզած է: Կը յիշենք նաեւ մարզանքի դասատու եւ ձեռնարկին ներկայ վեթերան Վաչէ Սարգիսեանը, այլ երախտաւոր մը: Հետեւաբար, նշեց Վիգէն Աւագեան, դաշտին վերանորոգութիւնը եւ տարիքային խումբերու վերակազմութիւնը լաւագոյն նուէրն են այս դաշտին, որուն հիմնադրութեան 65-ամեակն է այս տարի: Դաշտը ստեղծուած է 1961-ին եւ օրին իրմով նոր թափ ստացած է Պուրճ Համուտի մարզական կեանքը: Ան մաղթեց, որ դաշտին վերանորոգութիւնը դարձեալ նոր թափ տայ մասնաճիւղին աշխատանքներուն:
Իր խօսքի աւարտին, Վիգէն Աւագեան շնորհաւորեց դաշտին վերանորոգութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տակաւին կը հաւատան Պուրճ Համուտին ու անոր մարզական կեանքին եւ գործնապէս, նիւթաբարոյական իրենց աջակցութեամբ կը նպաստեն շրջանի մարզական կեանքին աշխուժացման եւ հայկական դիմագիծի պահպանման:
Աւարտին Գէորգ վրդ. Գարակէօզեան հրաւիրուեցաւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը: Ան շեշտեց. «ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն, ունի վեհ նպատակներ, որոնց իրագործման նուիրուած են մեր սկաուտական խորհուրդները, իսկ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մեծ ընտանիքը իր վարչութեամբ, Սկաուտական խորհուրդով, անդամներով եւ ծնողներով հաւատարմօրէն կը նուիրուին այս միութեան նպատակներուն իրագործման եւ անոր «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանին»: Ան նշեց, որ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը դաշտի նորոգութենէն անդին ունի պատգամ` զարգացնել ՀՄԸՄ-ականին մէջ պարտականութեան գիտակցութիւնը` ըլլալու կարգապահ եւ հաւատարիմ միութեան սկզբունքներուն: Ապա հայր սուրբը պահպանիչով փակեց իր խօսքը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք սկսան բարեկամական մրցումները: Առաջինը` ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի վեթերան աղջիկները մրցեցան ընդդէմ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի երկրորդ դասակարգի պասքեթպոլի աղջիկներուն, իսկ երկրորդ մրցումով Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի վեթերան տղոց խումբը մրցեցաւ ընդդէմ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի չորրորդ դասակարգի տղոց:
Մրցումներուն սկիզբը Փաթիլ Մկրտիչեան ներկայացուց իւրաքանչիւր մարզիկ, որ դաշտ ներկայացաւ ներկաներուն բուռն ծափահարութեան մթնոլորտին մէջ: Մարզիկները անցուցին անմոռանալի պահեր եւ յիշեցին իրենց տարիներու ապրած մարզական յիշատակներն ու նուաճումները:
Ձեռնարկին իրենց օժանդակութիւնը բերին մասնաճիւղին խմբապետական կազմը, երէց-պարմանուհի փաղանգները, արի-արենոյշ աստիճանաւորական կազմը եւ ընկերային յանձնախումբը:



