Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Մինչեւ 12 Միլիառ Եւրօ Ներդրումներ Պիտի Ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն Ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան Շուկային Կապելու Համար

September 30, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը մինչեւ 12 միլիառ եւրոյի ներդրումներ պիտի ներգրաւէ Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան Եւրոպական Միութեան շուկային կապելու համար: Այս մասին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյենը` յայտարարելով Եւրոպական Միութեան նոր միջազգային նախագիծը, որ պէտք է Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան ուղղակիօրէն կապէ եւրոպական շուկային հետ: Ծրագիրը կը զարգանայ «Միջին միջացք» անունով յայտնի փոխադրութեան երթուղիի ծիրին մէջ:

«Այսօր ես կրնամ յայտարարել փոխկապակցուածութեան զարգացման նոր միջազգային նախագիծի մասին: Անիկա Հարաւային Կովկասն ու Կեդրոնական Ասիան ուղղակիօրէն պիտի կապէ եւրոպական շուկային. խօսքը այսպէս կոչուած «Միջին միջանցք»-ի մասին է», վերջերս Եւրոպական Միութեան վիճակի մասին տարեկան ուղերձի ընթացքին յայտարարած է Ֆոն Տեր Լեյեն:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը կ՛ակնկալէ «Կլոպըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին միջոցով 12 միլիառ եւրոյի պետական ու սեփական ներդրումներ ներգրաւել նախագիծի զարգացման համար:

«Մեր նպատակն է բազմազան դարձնել երթուղիներն ու էապէս կրճատել բեռնափոխադրումներու ժամանակը», նշած է Ֆոն Տեր Լեյեն:

«Միջին միջանցք»-ը Չինաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ փոխադրամիջոցային երթուղի է, որ կ՛անցնի Կեդրոնական Ասիայէն, Կասպից ծովէն, Հարաւային Կովկասէն եւ Թուրքիայէն: Ատոր զարգացումը կը դիտարկուի իբրեւ Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ այլընտրանքային առեւտրական ուղիները ընդլայնելու միջոց:

Նախորդը

Լիբանանեան Հրատապ Հարցերը Առանցքային Օրակարգ` Երկրի Վարիչներու Բազմաճիւղ Հանդիպումներուն Ընթացքին

RelatedPosts

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

September 29, 2026
Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

September 29, 2026
Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.