Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ կը պատրաստուի հակադարձել իրանեան երկու անօդաչու թռչող սարքերով կատարուած յարձակումին: Անոնցմէ մէկը ինկաւ օդակայանի մը մէջ, իսկ միւսը` դպրոցի մը մօտ:
«Ազրպէյճան կը պատրաստուի հակադարձումի պատշաճ քայլեր որդեգրելու` պաշտպանելու համար մեր երկրի հողային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ երաշխաւորելու համար քաղաքայիններու եւ քաղաքային կառոյցներու անվտանգութիւնը», նշեց նախարարութիւնը:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ ընդգծեց. «Այս յարձակողական արարքները առանց պատասխանի պիտի չմնան»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իրանէն «շտապ» բացատրութիւն պահանջեց «Նախիջեւանի վրայ անօդաչու թռչող սարքով յարձակումին մասին»:
Նախարարութիւնը դատապարտեց «յարձակումները, որոնց պատճառով Նախիջեւանի մէջ երկու անձեր վիրաւորուեցան, եւ մենք մեզի կը վերապահենք հակադարձելու իրաւունքը»:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ աւելցուց. «Նախիջեւանի վրայ յարձակումէն ետք մեր մօտ կանչեցինք Իրանի դեսպանը»:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց. «Իրանի դէմ որեւէ գործողութեան չենք մասնակցիր եւ պիտի չմասնակցինք: Պատրաստ ենք մեր ուժը ցոյց տալու, եւ Իրան պէտք չէ այդ մէկը մոռնայ»:
«Մենք չենք հանդուրժեր այս անհիմն ահաբեկչական գործողութիւնը եւ Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած յարձակումը: Մեր զինեալ ուժերուն յանձնարարուեցաւ պատրաստուիլ եւ պատասխան գործողութիւն կատարել», աւելցուց Ալիեւ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին դատապարտեց յարձակումը` նշելով, որ անիկա «պատերազմի ծիրի ընդլայնման վտանգը կը բարձրացնէ»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կը մերժենք ու կը դատապարտենք Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը հարուածելու իրանեան փորձը»:


