Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաղչի. «Դիւանագիտական Լուծման Մեծ Կարելիութիւն Կայ»

February 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի  յայտարարած է, թէ հաւանաբար հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի հետ` նշելով, որ Թեհրանի հիւլէական ծրագիրի հարցին մէջ տակաւին դիւանագիտական լուծումի հասնելու «լաւ կարելիութիւն կայ»: Ան այս մասին ըսած է ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին «Ֆէյս տը Նէյշըն» յայտագիրին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Յիշեցնենք, որ 17 փետրուարին Ժընեւի մէջ բանակցութիւններէն ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ փոխըմբռնում գոյացած է շարք մը հարցերու շուրջ, որոնք կրնան ընդգրկուիլ ապագայ համաձայնագիրի նախագիծին մէջ:

Ուաշինկթըն իր կարգին յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները լաւ ընթացած են, սակայն Թեհրան տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու Սպիտակ տան «կարմիր գիծերը»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի հերքեց Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ժամանակաւոր համաձայնութեան մասին մամլոյ տեղեկութիւնները` ընդգծելով, որ այդ պնդումները «անհիմն են»:

Պաղայի նշեց, որ Թեհրան կը շարունակէ դիւանագիտական հոլովոյթը` շեշտելով, որ որեւէ բանակցութեան նպատակը պէտք չէ միւս կողմին պահանջներ պարտադրելը կամ անոր պայմաններ թելադրելը ըլլայ:

Ան աւելցուց, որ պահանջներու պարտադրման կամ թելադրութեան վրայ հիմնուած որեւէ բանակցութիւն «արդիւնքի ձեռքբերման պիտի չյանգեցնէ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ դիւանագիտական հոլովոյթը, քանի որ տակաւին կը զգայ, թէ արդիւնքի հասնելու կարելիութիւն կայ` աւելցնելով, որ դիւանագիտութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ հւասարակշռութեան եւ բոլոր կողմերու շահերուն յարգման վրայ:

Անդրադառնալով հիւլէական թղթածրարին` Պաղայի նշեց, որ Իրան կը գործակցի հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ, անոր հետ կնքուած երաշխիքներու համաձայնութեան հիմամբ, եւ այդ գործակցութիւնը կը շարունակուի անոր իրաւական ծիրին մէջ:

Պաղայի շեշտեց. «Իրանը անձնատուութիւն չի գիտեր եւ անձնատուութեան գաղափարը կը հակասէ միջազգային օրէնքին»:

 

 

Նախորդը

Պաղայի. «Իրան Միացեալ Նահանգներու Հետ Հաւանական Գործարքի Վերաբերեալ Փաստաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ»

Յաջորդը

Իրան-Միացեալ Նահանգներ Բանակցութիւնները` Հինգշաբթի Օր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իսրայէլի Թիրախափոխումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլի Թիրախափոխումները

February 25, 2026
Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.