Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երրորդ Համաշխարհայինի Շեմին. Ո՞ւր Ենք Մենք` Որպէս Հայ Ժողովուրդ, Եւ Ի՞նչ Կը Բանինք

July 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ ութսուն տարիէ վեր հոլովուող երրորդ համաշխարհայինը ենթադրութիւն չէ, ան սկսած է: Բեմը զբօսավայր  դարձած լրատուամիջոցները եւ զուարճութեան անդուռ համացանցը  չեն միայն: Հանդիսատես ենք, մեծ ու պզտիկ, ներքաշուած ենք պատերազմի մէջ: Աշխարհի քարտէսին առջեւ կանգնինք եւ նշենք այն երկիրները, ուր արդիական զէնքերով կռիւներ կը մղուին: Վայրեր, որոնք պայթունավտանգ են: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիա եւ Ռուսիա, Իրան, Միջին Արեւելք, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ, Ափրիկէ, նախերգանք է: Երաշխիք չկայ, որ երկու գերհզօր պետութիւններ` Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ,  Թայուանի համար համաշխարհային խարուկահանդէս  պիտի չբռնկեցնեն:

Վիճակագրութիւն սիրող քաղաքակիրթ աշխարհը ինչո՞ւ զոհերու թիւերով չի խօսիր, չ՛ըսեր, թէ  ամէն օր, անանուն պատերազմներու մէջ, զոհուողներու թիւի ընդհանուր գումարը ի՛նչ է: Ռուսիա եւ Ուքրանիա հազարաւոր դիակներ կը փոխանակեն: Կը խօսին, եւ կը լսենք այնպէս` կարծէք այդ թիւերու ետին մարդիկ եւ կեանքեր չըլլային: Հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու, Իսրայէլ եւ Իրան կը պատերազմին, ռումբերով, հրթիռներով զիրար կը հարուածեն, քաղաքներ կը քանդեն, ամէն օր եւ ամէն ժամ մարդիկ կը սպաննուին: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը չի վարանիր արտակարգ հզօրութեամբ ռումբեր գործածել: Սարսափի հիացումով տեսանք:

Լսելով եւ հեռատեսիլի պատկերներ դիտելով` վկայ ենք հարաւէն հիւսիս ներխուժման մարդկային ահեղ ալիքին, որ, կրկին, իր անունը չըսող պատերազմ է, այսօր` գաղթականութիւն, վա՞ղը…

Այս ընկերային, քաղաքակրթական, ծաւալապաշտական, տիրակալական, շրջանային եւ մասնակի թուացող պատերազմները եւ ժողովուրդներու զանգուածային տեղաշարժերու հետեւանքները  եթէ գումարենք, կը ստացուի համաշխարհային պատերազմ: Հարց տանք. արդէն դասական համարուող «համաշխարհային»-ներէն տարբեր եւ աւելի հզօր իրապէս համամոլորակային, նոյնիսկ` տիեզերական, պատերազմը սկսա՞ծ է: Ահագնացող գուպար կայ, քանի որ, զարմանալի թող չթուի, վաղը պատերազմ կրնայ տեղի ունենալ լուսնի եւ Հրատի վրայ:

Ի՞նչ կը բանինք մենք` բուռ մը հայ ժողովուրդ, մեր Հայաստանի վերջին բեկոր հանրապետութեամբ, աղմկող բազմապատիկ, մէկ բեւեռէ միւսը, արեւելքէն արեւմուտք տարածուող, յարաճող-նօսրացող բազմանուն սփիւռք(ներ)ով: Ի՞նչ պատկերացում ունինք անորոշ հասցէներու վերածուած ՀԱՅ ԱԶԳի  ներկայի եւ գալիքի մասին, այս կ՛ընե՞նք` դիրքերէ եւ անհատականէ անդին չնայող փառասիրութիւնները մոռնալով:

Գալիքը  կրնա՞նք դիմաւորել առանց միաւորման եւ կանխատեսութեան:

Հայաստանի վերջին բեկոր հանրապետութեան եւ բազմանուն-բազմացող սփիւռքի մէջ կարծէք այլեւս անհնար դարձած է նոյն ուղղութեամբ նայելու ողջախոհութիւնը: Հայրենատէր ժողովուրդ չենք: Եթէ չենք հասկցած, որ պատմութեան արկած սփիւռք(ներ)ը հայրենիք չէ, ան գաղթականի եւ քոչուորի բնակավայր է: Հայեր  կը գաղթեն հանրապետութենէն, ապա   կը գաղթեն մէկ համայնքէ միւսը,  նոր համայնքներ կը ստեղծեն, վարձու սենեակներ, ուր հիւր են, զորս կը համարեն «հայրենիքի մասնաճիւղ» եւ «հանգամանաւոր»-ներու ծնունդ կու տան: Նոր եւ հայրենահանուածներու սփիւռքները կարծէք կը գտնուին զուարճացող զբօսանաւի մը վրայ, որ ղեկ չունի, ունի ղեկեր:

Այս մասին իր «Գիրք լինելութեան» մէջ գերիրատես խօսք ունի հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեան: Ըսած է. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Կարծէք «գաղթականութիւն»-ը  ազգի լինելիութեան վիճակ է, որ վաղ թէ ուշ պիտի յանգի չլինելիութեան: Մինչ այդ մեր կեանքը կը խռովի ճիշդի ու սխալի անվերջանալի վէճերով, որոնք պիտի աւարտին, երբ խաղցողներ մնացած չըլլան: Ոչ հեռաւոր անցեալին հայրենահանուածները իրենք զիրենք կը կոչէին` վանեցի, մշեցի, այնթապցի, մարաշցի, սասունցի, հիմա այդ անուանումները մոռցուած են, կ՛ըսենք` ֆրանսացի եմ, ամերիկացի եմ, քանատացի եմ, որդեգրած են աշխարհագրական բազմանուն ինքնութիւններ, որոնց մէջ պիտի մանրուի եւ անհետանայ հայը` իր լեզուով, մշակոյթով, ինքնութեամբ, իրաւունքով, կամայ կամ ակամայ համարկուելով աշխարհագրական այս կամ այն պարունակին:

Եթէ հայ ինքնուրոյն ազգի ըմբռնումով անդրադառնանք կացութեան, եթէ ղեկավարութիւնները անդրադառնան,    անդրադարձած ըլլային ժամանակի եւ պահու թելադրած քաղաքական-գաղափարախօսական հրամայականներուն, Հայաստանի վերջին բեկորին տէր կ՛ըլլայինք` ո՛չ դիրքապաշտութեամբ եւ ո՛չ ընչաքաղցութեամբ, այլ` խմբուելով եւ խմբելով, մէկտեղելով ուժեր եւ կարողութիւններ, ո՛չ յաւելեալ զանազան իրաւունքներու համար, այլ` ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ գոյութենական պարտքի:

Աջ եւ ձախ, ներսը եւ դուրսը, չենք ուզեր տեսնել, որ համաշխարհայինը սկսած է, զայն կոչեցէ՛ք կայսերական կամ կրօնական պատերազմ, ինչպէս որ կ՛ուզէք: Կողմ ըլլալու համար ուժ չենք, կողմերուն համար թիւի լրացում ենք: Ինչպէ՞ս ՀԱՅ ԿՈՉՈՒԱԾ ԱԶԳ-ը, իր պարտութիւններ դիմակայող փոքրացած-փոքրացող երկրով, ուրկէ բացակայ են սփիւռք(ներ)ը եւ հայրենիք լքողները, որոնք բազմութիւն են, բայց ազգի տեսանկիւնէ սոսկ միգամած են, պիտի մնան պատմութեան բեմին վրայ:

Սխալներ գործուած են, կը գործուին, պիտի գործուին, քանի որ տեւաբար չբաւարարուած ԵՍ-երու թատրոն կը սարքենք թաքցնելու  համար պարտութիւն եւ նահանջ, ոչ ոք կ՛ըսէ` հուսկ ո՞ւր հասնելու համար: Այս կացութիւնը կը բացատրէ ամէն տեսակի ընչաքաղցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն, մի՛շտ ներսի եւ դուրսի: Նոյն հունով, ինքնախոստովանութիւն ընելէ կը խուսափինք, կը վերացնենք ամէն կարգի հեղինակութիւն, ան ըլլայ քաղաքական, կրօնական թէ բարոյական, անմիջականին զոհելով գալիք եւ ազգի էականը: Այս բոլորին ամենաթողութեան հանդէսը Հայաստանի Ազգային ժողովն է, նաեւ` ընդհանրապէս հայկական մամուլը, հեռատեսիլը, անդուռ համացանցը եւ հայրենասիրական «տուրիզմ»-ը:

Կը խօսինք վերականգնումի մասին: Չենք ըսեր` ինչպէ՞ս, քանի որ այդ ընելու համար «արժէքային համակարգ»-ով պէտք է առաջնորդուիլ, որպէսզի դուրս գանք պարտութիւն-պառակտումի սադայէլի շրջանակէն: Իսկ մենք տեւաբար կը  քանդենք արժէքային համակարգը, կ՛անտեսենք որակը:

Մեզի կը պակսի հիմնական-հիմնարար առաքինութիւնը, հռոմէացիին «վիրթուս»-ը (virtus), որ եսը գերանցող հոգեկան ուժն է: Մեր լինելիական ներկային մէջ այդ կանխատեսման միացման եւ առաքինութիւնն է, առանց որուն` ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի հասնինք դարավերջ, որ ազգի վաղն է եւ հեռու չէ: Եթէ նախատեսելու  եւ միացնելու յանձնառութեամբ չառաջնորդուինք եւ չառաջնորդենք, չին իմաստուն Կոմփիւկիոսը պիտի չգայ ըսելու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլանք եւ ո՛ւր պիտի հասնինք: Երբ դադրինք մենք ըլլալէ, պատմաբաններ տեղ մը պիտի արձանագրեն, թէ եղած ենք, պիտի ըլլայ սոսկ պատմական յիշեցում, պիտի չըլլան մշեցիներ, սասունցիներ, կիլիկեցիներ, պիտի չըլլան արտագաղթած գիւմրեցիներ, երեւանցիներ, աշտարակեցիներ:

Հայկական պետութենէն եւ սփիւռքի բազմանուն ղեկավարութիւններէն պատասխանի կը սպասէ հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ ըրած են եւ կ՛ընեն բնակեցման եւ հայրենադարձութեան համար: Մի՞թէ Արցախը կը կորսնցնէինք, եթէ, ներսը եւ դուրսը, ունեցած ըլլայինք իսկական հայրենատիրական բնակեցման քաղաքականութիւն:

Ընդդէմ պարտութեան եւ պառակտումի, գոյութենական փակուղիէն դուրս գալու հրաշքը կրնանք իրականացնել կանխատեսման եւ միացման յանձնառութեամբ: Այս ո՛չ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Միացնել այսօ՛ր: Վաղը ուրիշ մեծ միացումներ եղած կ՛ըլլան: Մենք կը մոռցուինք ճամբեզրին: Եւ կ՛ըլլան  նոր անուններով անժառանգ կուշտ յետնորդներ:

Սփիւռքը ո՛չ հայրենիք է եւ ո՛չ ալ ազգ: Ան բազմադէմ հանգամանաւորներու աղմուկ է` վասն լաւ ապրելու: Հայ ազգի լինելիութեան տեսանկիւնէ ի՞նչ է անոր վաղը…

Ի՞նչ կը բանինք: Զիրար կը հալածենք, կը վարկաբեկենք: Վերջին թատրոնը Հայաստանեայց եկեղեցին է: Կարծէք մեզ հարուածելու եւ պատմութեան բեմէն հեռացնելու համար թշնամիի գրոհի կարիք չկայ, այդ մենք կ՛ընենք: Աւանդութիւն է: Մենք պահանջեցինք հայ Արշակունի թագաւորի գահընկէցութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն, «Կոմունիստ» թերթը գրեց, որ յեղափոխութիւնը չի յաջողիր, եթէ «չհոսի հայ պուրժուա»-ի արիւնը: Այդպէս եղած ենք:

Ախտաւոր հոգեբանութեան սադայէլի շրջանակէն ազգը դուրս հանող եւ համացանցի եթերին մէջ չթափառող նոր օրերու նախախնամական մարդակերտը կը սպասուի: Ան միացեալ եւ նոյն ուղղութեամբ նայող հանրապետութեան եւ սփիւռքի թմբիրէ արթնցած  ժողովուրդն է, որ հրաշք պահու մը ինք պիտի հնչեցնէ արթնութեան փող եւ զանգ:

Յիշե՛լ եւ յիշեցնե՛լ, որ վաղը ուշ է:

3  յուլիս 2025, Փարիզ

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Վեցերորդ Թիւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.