Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Տեսաբան ըլլալու կարիք չկայ տեսնելու համար, որ ութսուն տարիէ վեր հոլովուող երրորդ համաշխարհայինը ենթադրութիւն չէ, ան սկսած է: Բեմը զբօսավայր դարձած լրատուամիջոցները եւ զուարճութեան անդուռ համացանցը չեն միայն: Հանդիսատես ենք, մեծ ու պզտիկ, ներքաշուած ենք պատերազմի մէջ: Աշխարհի քարտէսին առջեւ կանգնինք եւ նշենք այն երկիրները, ուր արդիական զէնքերով կռիւներ կը մղուին: Վայրեր, որոնք պայթունավտանգ են: Ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիա եւ Ռուսիա, Իրան, Միջին Արեւելք, Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի միջեւ, Ափրիկէ, նախերգանք է: Երաշխիք չկայ, որ երկու գերհզօր պետութիւններ` Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգներ, Թայուանի համար համաշխարհային խարուկահանդէս պիտի չբռնկեցնեն:
Վիճակագրութիւն սիրող քաղաքակիրթ աշխարհը ինչո՞ւ զոհերու թիւերով չի խօսիր, չ՛ըսեր, թէ ամէն օր, անանուն պատերազմներու մէջ, զոհուողներու թիւի ընդհանուր գումարը ի՛նչ է: Ռուսիա եւ Ուքրանիա հազարաւոր դիակներ կը փոխանակեն: Կը խօսին, եւ կը լսենք այնպէս` կարծէք այդ թիւերու ետին մարդիկ եւ կեանքեր չըլլային: Հազարաւոր մղոններ իրարմէ հեռու, Իսրայէլ եւ Իրան կը պատերազմին, ռումբերով, հրթիռներով զիրար կը հարուածեն, քաղաքներ կը քանդեն, ամէն օր եւ ամէն ժամ մարդիկ կը սպաննուին: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնը չի վարանիր արտակարգ հզօրութեամբ ռումբեր գործածել: Սարսափի հիացումով տեսանք:
Լսելով եւ հեռատեսիլի պատկերներ դիտելով` վկայ ենք հարաւէն հիւսիս ներխուժման մարդկային ահեղ ալիքին, որ, կրկին, իր անունը չըսող պատերազմ է, այսօր` գաղթականութիւն, վա՞ղը…
Այս ընկերային, քաղաքակրթական, ծաւալապաշտական, տիրակալական, շրջանային եւ մասնակի թուացող պատերազմները եւ ժողովուրդներու զանգուածային տեղաշարժերու հետեւանքները եթէ գումարենք, կը ստացուի համաշխարհային պատերազմ: Հարց տանք. արդէն դասական համարուող «համաշխարհային»-ներէն տարբեր եւ աւելի հզօր իրապէս համամոլորակային, նոյնիսկ` տիեզերական, պատերազմը սկսա՞ծ է: Ահագնացող գուպար կայ, քանի որ, զարմանալի թող չթուի, վաղը պատերազմ կրնայ տեղի ունենալ լուսնի եւ Հրատի վրայ:
Ի՞նչ կը բանինք մենք` բուռ մը հայ ժողովուրդ, մեր Հայաստանի վերջին բեկոր հանրապետութեամբ, աղմկող բազմապատիկ, մէկ բեւեռէ միւսը, արեւելքէն արեւմուտք տարածուող, յարաճող-նօսրացող բազմանուն սփիւռք(ներ)ով: Ի՞նչ պատկերացում ունինք անորոշ հասցէներու վերածուած ՀԱՅ ԱԶԳի ներկայի եւ գալիքի մասին, այս կ՛ընե՞նք` դիրքերէ եւ անհատականէ անդին չնայող փառասիրութիւնները մոռնալով:
Գալիքը կրնա՞նք դիմաւորել առանց միաւորման եւ կանխատեսութեան:
Հայաստանի վերջին բեկոր հանրապետութեան եւ բազմանուն-բազմացող սփիւռքի մէջ կարծէք այլեւս անհնար դարձած է նոյն ուղղութեամբ նայելու ողջախոհութիւնը: Հայրենատէր ժողովուրդ չենք: Եթէ չենք հասկցած, որ պատմութեան արկած սփիւռք(ներ)ը հայրենիք չէ, ան գաղթականի եւ քոչուորի բնակավայր է: Հայեր կը գաղթեն հանրապետութենէն, ապա կը գաղթեն մէկ համայնքէ միւսը, նոր համայնքներ կը ստեղծեն, վարձու սենեակներ, ուր հիւր են, զորս կը համարեն «հայրենիքի մասնաճիւղ» եւ «հանգամանաւոր»-ներու ծնունդ կու տան: Նոր եւ հայրենահանուածներու սփիւռքները կարծէք կը գտնուին զուարճացող զբօսանաւի մը վրայ, որ ղեկ չունի, ունի ղեկեր:
Այս մասին իր «Գիրք լինելութեան» մէջ գերիրատես խօսք ունի հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեան: Ըսած է. «Օտարի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»: Կարծէք «գաղթականութիւն»-ը ազգի լինելիութեան վիճակ է, որ վաղ թէ ուշ պիտի յանգի չլինելիութեան: Մինչ այդ մեր կեանքը կը խռովի ճիշդի ու սխալի անվերջանալի վէճերով, որոնք պիտի աւարտին, երբ խաղցողներ մնացած չըլլան: Ոչ հեռաւոր անցեալին հայրենահանուածները իրենք զիրենք կը կոչէին` վանեցի, մշեցի, այնթապցի, մարաշցի, սասունցի, հիմա այդ անուանումները մոռցուած են, կ՛ըսենք` ֆրանսացի եմ, ամերիկացի եմ, քանատացի եմ, որդեգրած են աշխարհագրական բազմանուն ինքնութիւններ, որոնց մէջ պիտի մանրուի եւ անհետանայ հայը` իր լեզուով, մշակոյթով, ինքնութեամբ, իրաւունքով, կամայ կամ ակամայ համարկուելով աշխարհագրական այս կամ այն պարունակին:
Եթէ հայ ինքնուրոյն ազգի ըմբռնումով անդրադառնանք կացութեան, եթէ ղեկավարութիւնները անդրադառնան, անդրադարձած ըլլային ժամանակի եւ պահու թելադրած քաղաքական-գաղափարախօսական հրամայականներուն, Հայաստանի վերջին բեկորին տէր կ՛ըլլայինք` ո՛չ դիրքապաշտութեամբ եւ ո՛չ ընչաքաղցութեամբ, այլ` խմբուելով եւ խմբելով, մէկտեղելով ուժեր եւ կարողութիւններ, ո՛չ յաւելեալ զանազան իրաւունքներու համար, այլ` ազգի եւ հայրենիքի հանդէպ գոյութենական պարտքի:
Աջ եւ ձախ, ներսը եւ դուրսը, չենք ուզեր տեսնել, որ համաշխարհայինը սկսած է, զայն կոչեցէ՛ք կայսերական կամ կրօնական պատերազմ, ինչպէս որ կ՛ուզէք: Կողմ ըլլալու համար ուժ չենք, կողմերուն համար թիւի լրացում ենք: Ինչպէ՞ս ՀԱՅ ԿՈՉՈՒԱԾ ԱԶԳ-ը, իր պարտութիւններ դիմակայող փոքրացած-փոքրացող երկրով, ուրկէ բացակայ են սփիւռք(ներ)ը եւ հայրենիք լքողները, որոնք բազմութիւն են, բայց ազգի տեսանկիւնէ սոսկ միգամած են, պիտի մնան պատմութեան բեմին վրայ:
Սխալներ գործուած են, կը գործուին, պիտի գործուին, քանի որ տեւաբար չբաւարարուած ԵՍ-երու թատրոն կը սարքենք թաքցնելու համար պարտութիւն եւ նահանջ, ոչ ոք կ՛ըսէ` հուսկ ո՞ւր հասնելու համար: Այս կացութիւնը կը բացատրէ ամէն տեսակի ընչաքաղցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն, մի՛շտ ներսի եւ դուրսի: Նոյն հունով, ինքնախոստովանութիւն ընելէ կը խուսափինք, կը վերացնենք ամէն կարգի հեղինակութիւն, ան ըլլայ քաղաքական, կրօնական թէ բարոյական, անմիջականին զոհելով գալիք եւ ազգի էականը: Այս բոլորին ամենաթողութեան հանդէսը Հայաստանի Ազգային ժողովն է, նաեւ` ընդհանրապէս հայկական մամուլը, հեռատեսիլը, անդուռ համացանցը եւ հայրենասիրական «տուրիզմ»-ը:
Կը խօսինք վերականգնումի մասին: Չենք ըսեր` ինչպէ՞ս, քանի որ այդ ընելու համար «արժէքային համակարգ»-ով պէտք է առաջնորդուիլ, որպէսզի դուրս գանք պարտութիւն-պառակտումի սադայէլի շրջանակէն: Իսկ մենք տեւաբար կը քանդենք արժէքային համակարգը, կ՛անտեսենք որակը:
Մեզի կը պակսի հիմնական-հիմնարար առաքինութիւնը, հռոմէացիին «վիրթուս»-ը (virtus), որ եսը գերանցող հոգեկան ուժն է: Մեր լինելիական ներկային մէջ այդ կանխատեսման միացման եւ առաքինութիւնն է, առանց որուն` ինչպէ՞ս եւ որպէս ի՞նչ պիտի հասնինք դարավերջ, որ ազգի վաղն է եւ հեռու չէ: Եթէ նախատեսելու եւ միացնելու յանձնառութեամբ չառաջնորդուինք եւ չառաջնորդենք, չին իմաստուն Կոմփիւկիոսը պիտի չգայ ըսելու, թէ ի՛նչ պիտի ըլլանք եւ ո՛ւր պիտի հասնինք: Երբ դադրինք մենք ըլլալէ, պատմաբաններ տեղ մը պիտի արձանագրեն, թէ եղած ենք, պիտի ըլլայ սոսկ պատմական յիշեցում, պիտի չըլլան մշեցիներ, սասունցիներ, կիլիկեցիներ, պիտի չըլլան արտագաղթած գիւմրեցիներ, երեւանցիներ, աշտարակեցիներ:
Հայկական պետութենէն եւ սփիւռքի բազմանուն ղեկավարութիւններէն պատասխանի կը սպասէ հետեւեալ հարցումը. ի՞նչ ըրած են եւ կ՛ընեն բնակեցման եւ հայրենադարձութեան համար: Մի՞թէ Արցախը կը կորսնցնէինք, եթէ, ներսը եւ դուրսը, ունեցած ըլլայինք իսկական հայրենատիրական բնակեցման քաղաքականութիւն:
Ընդդէմ պարտութեան եւ պառակտումի, գոյութենական փակուղիէն դուրս գալու հրաշքը կրնանք իրականացնել կանխատեսման եւ միացման յանձնառութեամբ: Այս ո՛չ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Միացնել այսօ՛ր: Վաղը ուրիշ մեծ միացումներ եղած կ՛ըլլան: Մենք կը մոռցուինք ճամբեզրին: Եւ կ՛ըլլան նոր անուններով անժառանգ կուշտ յետնորդներ:
Սփիւռքը ո՛չ հայրենիք է եւ ո՛չ ալ ազգ: Ան բազմադէմ հանգամանաւորներու աղմուկ է` վասն լաւ ապրելու: Հայ ազգի լինելիութեան տեսանկիւնէ ի՞նչ է անոր վաղը…
Ի՞նչ կը բանինք: Զիրար կը հալածենք, կը վարկաբեկենք: Վերջին թատրոնը Հայաստանեայց եկեղեցին է: Կարծէք մեզ հարուածելու եւ պատմութեան բեմէն հեռացնելու համար թշնամիի գրոհի կարիք չկայ, այդ մենք կ՛ընենք: Աւանդութիւն է: Մենք պահանջեցինք հայ Արշակունի թագաւորի գահընկէցութիւնը, Հայաստանի խորհրդայնացման առաջին օրերուն, «Կոմունիստ» թերթը գրեց, որ յեղափոխութիւնը չի յաջողիր, եթէ «չհոսի հայ պուրժուա»-ի արիւնը: Այդպէս եղած ենք:
Ախտաւոր հոգեբանութեան սադայէլի շրջանակէն ազգը դուրս հանող եւ համացանցի եթերին մէջ չթափառող նոր օրերու նախախնամական մարդակերտը կը սպասուի: Ան միացեալ եւ նոյն ուղղութեամբ նայող հանրապետութեան եւ սփիւռքի թմբիրէ արթնցած ժողովուրդն է, որ հրաշք պահու մը ինք պիտի հնչեցնէ արթնութեան փող եւ զանգ:
Յիշե՛լ եւ յիշեցնե՛լ, որ վաղը ուշ է:
3 յուլիս 2025, Փարիզ


