Հրապարակուած է «Դրօշակ»-ի 2025-ի 6-րդ թիւը, որուն բովանդակութեան առանցքը կը կազմեն Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, կը կատարուի քաղաքական տագնապալի վիճակներու վերլուծում: Այս նիւթերուն ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ յատկապէս առաջնորդող յօդուածին եւ Անի Մելքոնեանի հրապարակած նիւթերուն միջոցով:
Այս թիւին մէջ տեղ գտած են ռուս եւ պարսիկ վերլուծաբաններու թարգմանուած յօդուածները, որոնք ուղղակի եւ անուղղակի կերպով կ՛առնչուին Հայաստանի եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն: Հայ ընթերցողին համար անոնք հետաքրքրական են յատկապէս այն պատճառով, որ կը բացայայտեն մեզ յուզող շարք մը իրողութիւններ:
Իբրեւ շարունակութիւն Ցեղասպանութեան տարիներուն համշէնահայութեան մղած հերոսական ինքնապաշտպանական գործողութիւններուն` Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան այս անգամ ընթերցողին կը ներկայացնէ ազատագրական պայքարի համշէնահայ գործիչ եւ նշանաւոր վրիժառու Միսաք Թորլաքեանի պայքարի պատմութիւնը:
«Դրօշակ»-ի խմբագրական կազմը` ողբերգական անհետացման 40-րդ տարելիցին առիթով, իր բարոյական պարտքը կը նկատէ անդրադառնալ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ «Ազդակ-շաբաթօրեակ-Դրօշակ» շաբաթաթերթի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի կեանքին եւ գործունէութեան: Ազգային, կրթական եւ կուսակցական գործիչ Տիգրան Ճինպաշեանի յօդուածին մէջ Սարգիս Զէյթլեան ներկայացուած է իբրեւ գաղափարախօս, ազգային տեսլականներու ջատագով ու մեկնաբան, որ իր բեղուն գործունէութեամբ, հայութեան համար կարեւոր ժամանակաշրջանի մը կատարեց առանցքային դեր` հասարակական գիտակցութեան հասունացման, ազգային հիմնահարցերով հանրութիւնն ու յատկապէս երիտասարդութիւնը ոգեշնչելու առումով: Ասոր կողքին, անշուշտ, տաղանդաւոր գործիչը հսկայական դերակատարութիւն ունեցաւ կազմակերպական, կրթական եւ առհասարակ բազմաճիւղ իր գործունէութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Սփիւռքահայ մամուլի ուսումնասիրութեամբ զբաղող Մարիամ Յովսէփեան հետաքրքրական անդրադարձ կը կատարէ 1965 թուականի լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերուն: Այս ուսումնասիրութեան ընթերցողին կը ներկայացուին յետցեղասպանական տարիներուն հայութեան նկատմամբ թրքական քաղաքականութեան նոր դրսեւորումները, ինչպէս նաեւ դարու մեծագոյն ոճրագործութեան դէմ Հայ դատի ուղղութեամբ ծաւալած պայքարը:
«Դրօշակ»-ի այս թիւը կրնաք կարդալ այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/07/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-6-2025%D5%A9.pdf


