Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ընտանեկան Սրբութիւնը` Առաջնահերթութիւն» Նիւթով Դասախօսութիւն-Բանավէճ

May 30, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 23 մայիս 2025-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ, Ընտանիքներու համաշխարհային օրուան առիթով տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն-բանավէճ, կազմակերպութեամբ` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Հարպոյեան, որ ընդգծեց ընտանիքի անհրաժեշտութիւնը. «Սրբազան կառոյց է հայ ընտանիքը իր աստուածատուր առաքելութեամբ: Ան մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն աղբիւրն է: Հայ ընտանիքը ճակատագրական դեր ունեցաւ մեր ժողովուրդի գոյութեան ու ինքնութեան պահպանման մէջ, յատկապէս այս օրերուն, երբ օտարամուտ բարքեր ու աւանդութիւններ կը փորձեն խաթարել հայ ընտանիքը, մեր արժէքներն ու աւանդութիւնները: Հայ ընտանիքը կոչուած է հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներուն», ըսաւ ան: Հարպոյեան դիտել տուաւ, որ վերջին տասնամեակին ընտանեկան եւ ընկերային մեր կեանքին մէջ բացթողումներ արձանագրուեցան: Հայ ընտանիքին առողջ կեանքը մասամբ ապառողջ վիճակ պարզեց` օտար խառն ամուսնութիւններու եւ անբարոյ կենցաղի վրիպումներու պատճառով:

Ապա ան բեմ հրաւիրեց Պէյրութի պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահը` մասնագէտ ամուսնական կեանքի եւ ընտանեկան հովուական առաքելութեան, Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանը` «Ճինիշեան յիշատակի հիմնարկ»-ի տնօրէն, ընկերային ծառայող եւ մօտէն հետեւող այսօրուան ընտանիքներուն իրավիճակին եւ Ազնիւ Փոլատեանը` հոգեբան, իր կարգին մօտէն հետեւող ընտանիքներու ներկայ հոգեբանական իրավիճակին:

Բանավէճին քննարկուեցան զանազան մարտահրաւէրներ եւ թեմաներ, որոնք այսօրուան ընտանիքներու իրականութիւնը կը ներկայացնեն, մանաւանդ անդրադարձ կատարուեցաւ մոլութիւններուն, դաւաճանութեան, անտարբերութեան, կանանց իրաւունքին եւ անգործութեան պատճառով տիրած իրավիճակներուն:

Գրիգոր եպս. Պատիշահի մօտեցումը հոգեւոր էր եւ պահպանողական, Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան առօրեայ կարիքներն ու գործնական քայլերը լուսարձակի տակ առաւ, իսկ Ազնիւ Փոլատեան ներկայացուց այսօրուան ընտանիքներուն իրավիճակը եւ անոնց դարմաններուն վերաբերող խորհուրդներ տուաւ:

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած բանավէճին ընթացքին բոլորը համաձայն գտնուեցան ընտանիքին գերագոյն արժէք հանդիսանալուն եւ շեշտեցին ընտանիքի սրբութեան, փոխադարձ յարգանքի, իրարու ունկնդրութեան եւ սիրոյ կարեւորութիւնը:

Ապա գեղարուեստական յայտագիրով Շաքէ Պաղտասարեան մեներգեց «Հայոց կանայք», «Հայու աչքեր» եւ «Մի՛ մոռանար քո ազգին» երգերը` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի:

Աւարտին, տեղւոյն ժողովրդապետ եւ Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան Ս. Ներսէս Լամբրոնացի մշակութային միութեան հոգեւոր վարիչ Սահակ վրդ. Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն ու ներկաներուն եւ խրատեց ընտանիքի սրբութիւնը ապրիլ` սահմանելով հեռախօսի գործածութեան ժամանակները եւ աւելի ուղղակի հաղորդակցութեան ձեւին առիթ տալը: Ապա ան ընտանիքներու սրբութեան համար աղօթք բարձրացուց. այն աղօթքը, որ ներկաներուն մուտքին բաժնուած էր, որպէսզի կարողանան յաճախ աղօթել եւ չմոռնալ, որ միայն Աստուած է, որ կրնայ ընտանիքը հաստատ պահել: Գերապայծառին «Պահպանիչ»-ով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը, մեկնարկ  տալով` Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Ընտանեկան յանձնախումբին»:

Նախորդը

Իտէալիզմի Եւ Մեկուսացման Միջեւ – Աւետիս Ահարոնեանի Վերջին Ուղերձը Ազգերու Լիկային` 1932 Թ.

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած «Ռազմիկ» Բացառիկի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ
Գաղութային

Լիբանանի Թեմի Առաջնորդը Այցելեց Ազգային Վարժարաններ

October 26, 2026
ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին

October 26, 2026
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.