Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Դժոխքէն Դրախտ» (Հեղինակ` Արմենակ Անդրանիկեան)

August 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն 2024-ին լոյս տեսաւ Արմենակ Անդրանիկեանի: «Դժոխքէն դրախտ» (Հայոց ցեղասպանութեան եւ կամաւորական բանակի յուշեր) գիրքը, բաղկացած` 320 էջերէ: Խմբագիր` Վազգէն Ղուկասեան:

Արմենակ Պետիկեան-Անդրանիկեան ծնած է 1893-ին, Էրզրումի նահանգի Քղի գաւառի Ագրակ գիւղը: Մանկութեան կորսնցուցած է հայրը եւ մնացած մօր ու մեծ եղբօր հոգատարութեան տակ: Նախակրթութիւնը ստացաւ մօտակայ Չանախճի գիւղին մէջ: 1908-ին պանդխտութեան մեկնեցաւ Պոլիս, ուր հայկական տպարանի մը մէջ աշխատանքի մտաւ: 1913 սեպտեմբերին ծննդավայր վերադարձաւ: 1914-ին ամուսնացաւ մօտակայ Խուպէկ գիւղէն Մարիամ Գէորգեանի հետ:

Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ի ամրան սկսաւ զինուորագրութիւնը: Զինուոր գացողները Էրզրումի ճակատ կը ղրկուէին: 1915-ի մայիսի վերջաւորութեան սկսան ջարդերը:

Արհաւիրքի այդ օրերուն Արմենակ Անդրանիկեան յաջողեցաւ խոյս տալ եւ Տէրսիմի Գուրիշան ցեղէն Միրթէ միրզային տունը ապաստան գտաւ:

Տէրսիմ լեռնային դժուարամատչելի երկրամաս է, եւ շրջանի քիւրտ զազա ցեղերը ինքնիշխան գոյավիճակ մը պահպանած էին:  Ցեղասպանութեան այդ օրերուն Անդրանիկեան կորսնցուց մայրը, կինը, երկու եղբայրները եւ բազմաթիւ ազգականներ:

Տէրսիմի ցեղերը 1916-ի գարնան սկիզբը ապստամբեցան կառավարութեան դէմ եւ իրենց շրջաններէն քշեցին թուրքերը: Բայց յետոյ թրքական բանակը քալեց Տէրսիմի վրայ: Զէնքի ու զինամթերքի պակասի պատճառով շատ քիւրտեր անձնատուր եղան, շատեր ալ փախուստի դիմեցին:

Ռուսական բանակը արդէն գրաւած էր Էրզրումը, Երզնկան եւ մօտեցած Տէրսիմի:

Արմենակ Անդրանիկեան 1916 դեկտեմբերին, ձիւնին ու ցուրտին, յաջողեցաւ փախուստ տալ Տէրսիմէն եւ անցնիլ ռուսական կողմը:

Էրզրում հասնելէն ետք ան միացաւ քաղաքի ինքնապաշտպանութեան հայ կամաւորներու խումբին:

Զօրավար Անդրանիկ 1918 փետրուարին Կարին հասնելով ստանձնեց քաղաքին ինքնապաշտպանութեան ղեկավարութիւնը:

Մինչ այդ թրքական բանակը Երզնկայի կողմէն յառաջանալով մօտեցաւ Կարինի եւ` ամէն կողմէ յարձակում գործելով, մտաւ քաղաք: Ժողովուրդ եւ կռուող ուժերը բռնեցին նահանջի ճամբան:

Անդրանիկի, Մուրատի եւ Սեպուհի առաջնորդութեամբ գաղթական ժողովուրդը հասաւ Կարս:

Քղեցի գաղթականներուն եւ կռուողներուն հետ Անդրանիկեան Ալեքսանդրապոլ հասաւ: Անոնք յետոյ նահանջեցին դէպի Ղարաքիլիսէ:

Զօրավար Անդրանիկի առաջնորդութեամբ կռուող ուժերն ու գաղթականութիւնը 1918 մայիսին շարժեցան դէպի Դիլիջան: Դիլիջանէն անոնք անցան Նոր Պայազիտ, հոնկէ` Սեւանայ լիճի ափերը եւ յետոյ` Նախիջեւան մտնելով ու Արաքս գետը անցնելով, մտան պարսկական հող ու հասան Խոյ:

Թրքական բանակի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ, Անդրանիկի հրամանով, կամաւորներ ու գաղթականութիւն բռնեցին նահանջի ճամբան: Նախիջեւան մտնելէ ետք պատրաստուեցան մեկնիլ դէպի Ղարաբաղ: Գորիս հասնելէն ետք քանի մը շաբաթ հոն մնացին:

Զօրավար Անդրանիկ` տեսնելով, որ անհնար է Ղարաբաղի պաշարման շղթան պատռել եւ հասնիլ Շուշի, յարմար դատեց ցրուել ամբողջ բանակը:

Գորիսէն Արմենակ Անդրանիկեան մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ հոնկէ` Պաթում ու Պոլիս: Պոլիսէն ան 1922-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթեց եւ Մէյն նահանգի Փորթլընտ քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատեց:

Արմենակ Անդրանիկեանի այս յուշերը սկզբնաղբիւրի արժէք կը ներկայացնեն: Ինչպէս խմբագրական նշումներուն մէջ Վազգէն Ղուկասեան կը գրէ: Շահեկան են ցեղասպանութենէն առաջ Քղիի գիւղերուն մէջ ապրող հայ բնակչութեան մասին իր տուած տեղեկութիւնները. աւելի շատ կարեւոր են Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող իր պատմած դէպքերը: Պատմութեան համար կարեւոր է նաեւ իր նկարագրութիւնը Կարնոյ ինքնապաշտպանութեան մասին, անկէ զանգուածային նահանջին եւ զօրավար Անդրանիկի կամաւորական բանակին անոր կատարած արկածախնդրական արշաւանքին մասին:

Նշենք, որ 2015-ին, դարձեալ Վազգէն Ղուկասեանի խմբագրութեամբ, Քանատայի մէջ լոյս տեսած է այս գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը: Ցեղասպանութեան պատմութեան գերմանացի յայտնի մասնագէտ Հիլմար Քայզէր լայնօրէն օգտագործած է Արմենակ Անդրանիկեանի այս յուշագրութեան անգլերէն թարգմանութիւնը եւ անկէ բազմաթիւ մէջբերումներ կատարած է:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Են Փարա-Ողիմպիական Խաղերը

Յաջորդը

Մտածումներ Սերժ Սրապիոնեանի (1956-2024) Մահուան Առիթով

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.