Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարը, Եգիպտոսն Ու Միացեալ Նահանգները Իսրայէլին Եւ Համասին Կոչ Կ՛ուղղեն` 15 Օգոստոսին Բանակցութիւնները Շարունակելու Տոհայի Կամ Գահիրէի Մէջ

August 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարը, Եգիպտոսն ու Միացեալ Նահանգները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ ժամանակն է Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու եւ գերիները ազատ արձակելու գործարքի կնքումը իր աւարտին հասցնելու:

Անոնք երկու կողմերուն կոչ ուղղեցին` 15 օգոստոսին մնացեալ բացերը կամրջելու համար բանակցութիւնները շարունակելու Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ:

Երեք երկիրներու ղեկավարներ շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Ճօ Պայտընի կողմէ ստորագրուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Մենք` իբրեւ միջնորդներ, անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ ենք գործադրութեան վերաբերող հարցերու լուծման համար վերջնական առաջարկ ներկայացնելու»:

Անոնք շեշտեցին, որ ժամանակն է ազատ արձակելու գերիները, զինադադար հաստատելու եւ համաձայնութեան գործադրութիւնը սկսելու:

«Պէտք չէ յաւելեալ ժամանակ վատնել, յաւելեալ յետաձգման համար որեւէ կողմէ պատրուակներ պէտք չէ ըլլան: Ամիսներով աշխատեցանք համաձայնութեան հասնելու, անիկա այժմ սեղանի վրայ է, եւ անոր միայն գործադրութեան մանրամասնութիւնները կը պակսին», աւելցուցին երեք ղեկավարները:

Փաստաթուղթը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ներկայացուած եւ թիւ 2735 բանաձեւով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին աջակցութիւնը վայելող սկզբունքներուն վրայ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ գլխաւոր միջնորդները կը պատրաստեն բանակցութիւններու յաջորդ փուլը, եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ պիտի գլխաւորէ ամերիկեան պատուիրակութիւնը:

Աղբիւրը նշած է, որ կը ծրագրուի Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարներուն միջեւ նշուած թուականին գումարել ժողով մը:

Ան աւելցուցած է, որ այդ ծրագրուող ժողովը պիտի գումարուի, սակայն Իսրայէլի եւ Համասի համաձայնութեան կը կարօտի:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կոչ ուղղեց` առաջարկուող համաձայնութիւնը չընդունելու:

«Պէտք չէ իյնանք թակարդը միջնորդ երկիրներուն, որոնք կը փորձեն մեզի անձնատուութեան համաձայնութիւն պարտադրել», նշեց ան:

«Համասը ոչնչացնելէ առաջ պատերազմին վերջ տալու ժամանակը չեկաւ», աւելցուց Սմոթրիչ:

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց. «(Համասի քաղաքական գրասենեակի նորընտիր նախագահ Եահիա) Սընուար չորեքշաբթի օր եգիպտացի միջնորդներուն յայտնեց, թէ Խալիլ Հայէն զինադադարի հաստատման որեւէ բանակցութեան մէջ պիտի ներկայացնէ Համասը»:

Օմանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ողջունեց ամերիկեան-եգիպտական-քաթարեան եռակողմ հաղորդագրութիւնը` բոլորին կոչ ուղղելով շարունակելու հաղորդագրութեան նշած հրատապ բանակցութիւնները:

Եռակողմ հաղորդագրութիւնը ողջունեց նաեւ Քուէյթը, Սպանիան, Բրիտանիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Աւստրալիան, Իրաքը, Եւրոպական Միութիւնը եւ Ֆրանսան:

Նախորդը

«Ռուսիան Ուքրանիա Պատերազմ Բերաւ Եւ Պէտք Է Իր Ըրածը Զգայ» Կ՛ըսէ Զելենսքի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.