Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութին. (Այնպէս, Ինչպէս Որ Է, Առանց Համեմունքի)

August 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ- ԻՍԿԻԿԵԱՆ

Այսօր դիտեցի քաղաքս, ուր տակաւին առկայ են Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին անջնջելի հետքերը` չորս տարիէ քանդուած ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքը, վառելանիւթի կայանին փլատակները, կիսափուլ շէնքերը, անխնամ մայթերը… եւ` անմիջապէս կողքին գտնուող նոր սարքաւորումով շքեղ վաճառատուները, եւրոպական ոճով մեծաթիւ ճաշարանները, փարիզեան ճաշակով զարդարուած սրճարանները, ճարտարօրէն վերանորոգուած շէնքերը…

Հակասական այս երեւոյթներէն եւ պայթումին դառնութիւնը ապրած ըլլալու փորձառութենէս ծնաւ այս բանաստեղծութիւնը:

Պէյրութ Երէկ Եւ Այսօր

Փշուրներու տարափով խեղանդամ,
Ողներդ ջարդուած ու մեղկացած,
Փէշերէդ դուրս ժայթքեց արեան հեղեղ
Եւ անմեղ նահատակներու դիեր:
Վայրագութեամբ սաւառնող միտքեր,
Որոնց թռիչքին ու հարուածին տակ,
Թունաւոր ու անխիղճ խարաններով
Վաղաժամ կռացար պառաւի մը նման:
Զաւակներուդ վայնասունը չլսուեցաւ
Չքացաւ ահաւոր դղրդիւնին մէջ:
Լեղի սարսափը` կանաչ թոյն ծորաց,
Վիշտի մագիլները` սգակիրը յօշոտեց:
Անարդարութեան զոհասեղանին գամուած
Հրէշային արարք մը, զանգուածային սպանդ,
Որ լռութեան տիղմին մէջ մնաց խեղդամահ
Կուրացած ամբոխներու լուսարձակին տակ:
Խաբեցին քեզի, Պէյրո՛ւթ, քսակ մը արծաթով,
Յուդայական ողորմելի համբոյրներով…
Ծեփեցին դէմքդ` թէժ ներկ ու շաղախով
Դիակներդ խոցեցին մոռացութեան բահով:

***

Այսօր սիրահարի մը հմայքով կը դիտեմ քեզ
Աղէտին «արձագանգը» լիովին յանգած չէ
Ունիս կիսաքանդ շէներ ու մխացող սպիներ,
Բայց եւս գեղեցիկ ու ՆՈՐ յայտնութիւններ:
Կը հաւատամ քեզի, վերականգնող Պէյրո՛ւթ,
Անսպառ յոյսով ու մշտանորոգ եռանդով
Պիտի զարմացնես ու հիւրընկալես աշխարհը
Եւ մնաս խորհրդաւոր ու գեղեցիկ քաղաքս:

 

 

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ Այնճար. Մուշեղ Գալշոյեան Հայրենի Գրագէտ

Յաջորդը

Արցունքէն Գոյացած Պլպլացող Մոմը. Անի Պէզիքեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.)  – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն
Անդրադարձ

Ծամերու Գեղագիտական Նշանակութիւնը (Ա.) – Սկսինք Հին Եգիպտական Մշակոյթէն

November 2, 2026
Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Դպրոցը Լիբանանահայ Գաղութին Մէջ. Ժառանգութիւն Եւ Մարտահրաւէրներ

November 2, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Լրատուամիջոցներ Կ՛արձագանգեն Սփիւռք-Փաշինեան Հակադրութեան Վերաբերող Յօդուածիս

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.