Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Հունգարիոյ Մէջ Տեղի Ունենալիք Վեհաժողովը Ջնջելով Պելճիքա Տեղափոխեց

July 24, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու վեհաժողովը, որ Հունգարիոյ մէջ նախատեսուած էր, պիտի տեղափոխուի Պելճիքա: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:

Ան ընդգծած է, որ քայլը բողոքի նշան է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի` վերջերս Ռուսիա եւ Չինաստան կատարած այցելութեան ու ընդհանրապէս անոր ռուսամէտ քաղաքականութեան դէմ:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը պէտք է կայանար օգոստոսին Պուտափեշթի մէջ: Պորել յայտնած է, որ ատիկա տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ, ուր տեղակայուած են Եւրոպական Միութեան հիմնական կառոյցները:

«Մենք պէտք է (Հունգարիոյ) ազդանշան ուղարկենք, նոյնիսկ եթէ ատիկա խորհրդանշական է», ընդգծած է Պորել:

Հունգարիան 1 յուլիսին ստանձնած էր Եւրոպական խորհուրդի 6-ամսեայ նախագահութիւնը, որմէ անմիջապէս ետք վարչապետ Վիքթոր Օրպան այցելած է Քիեւ, Մոսկուա, Փեքին` այդ երկիրներու ղեկավարներուն հետ քննարկելով Ուքրանիոյ տագնապը: Ան իր հանդիպումները կոչած է «խաղաղութեան առաքելութիւն»:

Պրիւքսել այդ այցելութիւնները չէ արտօնած, Օրպան ինք նախաձեռնած է խաղաղութեան շուրջ հանդիպումներուն:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն իր կարգին չեղեալ յայտարարած էր յանձնաժողովի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու Հունգարիա այցելութիւնը, որ պէտք է նշէր Պուտափեշթի 6-ամսեայ նախագահութեան մեկնարկը:

Նշենք, որ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան իր «խաղաղութեան առաքելութեան» շրջապտոյտի ծիրին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողքին այցելած էր նաեւ բռնագրաւեալ Շուշի, ուր հիւսիսային Կիպրոսի ղեկավարին կողքին մասնակցած էր Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ոչ պաշտօնական վեհաժողովին, եւ «բացարձակ յարգանք» յայտնած Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին` «այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար», եւ յոյս յայտնած, որ «այսպիսի առիթ մը նաեւ կարելի եղածին չափ շուտ Եւրոպայի մէջ եւս կ՛ապահովուի»` այդպիսով օրինականացնելով Արցախի եւ Կիպրոսի մէջ ուժի կիրարկումն ու բռնագրաւումը եւ անոնց ապօրինի հետեւանքները:

 

 

 

Նախորդը

Քրեմլին. «Ռուսիան Կ՛ուզէ, Որ Թուրքիան Եւ Սուրիան Իրենց Յարաբերութիւնները Կարգաւորեն»

Յաջորդը

Ուաշինկթըն. «Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Բանակցութեան Մէջ Տարակարծութիւնները Մեծապէս Սահմանափակեցինք, Եւ Կարգ Մը Չլուծուած Հարցեր Ունինք»

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.