Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անունին Պէս Պայծառ

July 13, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԹ

«Փշածաղիկ»

Պայծառին հետ ծանօթութիւնս կը սկսի մեր մանկութեան օրերէն, երբ կ՛ապրէինք երբեմնի շէն եւ հայութիւն բուրող Էշրեֆիէ թաղը, կը յաճախէինք Ղազար Չարըքի դպրոցը, ուր մեր տուներէն ետք ստացած ենք հայեցի դաստիարակութիւն, մաս կազմած նոյն տեսլականներով առաջնորդուող կառոյցներուն` ակումբ, միութիւն, աւելի ուշ աշակերտած ենք «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարան»-ին, ուր կազմաւորուած է մեր պատանեկութիւնը` լուսաւոր մեծերու շունչին տակ: Ճեմարանէն ետք մեր կազմած ընտանիքներով եղանք դրացիներ, Ճեմարանին գրեթէ կողքի շէնքի մը մէջ, ուր զարգացաւ մեր կապը` մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որ քանդեց ընկերութիւնը, ցրուեց ժողովուրդը, հայութիւնը, տեղափոխուեցաւ մեր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:

Այս վայրկեանին, երբ կ՛անցնիմ կեանքի այս երկար ճանապարհէն, մտքիս մէջ կը պատկերուի ընկերուհիս` Պայծառը, իր անունին պէս պայծառ, համեստ, խոհուն, ընկերասէր, իր էութեամբ ուրախ, լաւատես, միշտ խանդավառ Պայծառը: Իր բոլոր արժանիքներուն կարգին, արուեստասէր, արուեստագէտ էր նաեւ Պայծառը, վկա՛յ արուեստի մարզին մէջ անոր ունեցած վաստակը` երգ, թատրոն, պար եւ ի՜նչ պար… Պարը Պայծառը ինքն էր, իր թռիչքով, նազենի ծփանքներով, երեսէն ծորող քաղցր ժպիտով, ապրումներով, ամէն անգամ ինքզինք գերազանցող կախարդանքով ան կը հմայէր մթնոլորտը, հայկական պարը կը վերածուէր Չարենցի «հեզաճկուն պար»-ին:

Տարիներ ետք, պատահական հանդիպումի մը ընթացքին, վերյիշեցինք մեր անցեալը եւ անդրադարձայ ի՛ր պարին, յուզումով ըսաւ` կը յիշե՞ս ատիկա, եւ ինչպէ՛ս, ով տեսեր է` չի կրնար մոռնալ:

Այսօր մեզի հետ չէ, բայց իր պայծառ էութեամբ եւ պարով մտքիս մէջ կը մնայ անմոռանալի ընկերուհիս` Պայծառը:

 

 

 

 

Նախորդը

Կենսասէր Պայծառը

Յաջորդը

Համազգային Բեմերու Տիրական Ներկան` Պայծառ Արզումանեան – Գարագաշեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.