Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Իր Հերքումներուն` Ալիեւ Վրդովուած Է Ազրպէյճանի Միջազգային Քննադատութենէն

February 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը յայտարարէ, որ կ՛անտեսէ միջազգային բոլոր քննադատութիւնները` կապուած իր քաղաքացիներուն իրաւունքներու խախտումներուն, իր զինուորներուն կողմէ ռազմական յանցագործութիւններուն եւ արցախահայերու ցեղային զտումներուն: Ալիեւ կը փորձէ կոծկել այդ խախտումներն ու յանցագործութիւնները «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով` միլիառաւոր տոլարներու կաշառք տրամադրելով եւրոպացի զանազան պաշտօնեաներու:

Ամէն անգամ, որ Ազրպէյճան խնդիր ունենայ օտար երկրի, եւրոպական կառոյցներու կամ միջազգային դատարաններու հետ, ան ինքնագոհ դէմքով այնպիսի կեցուածք կ՛ընդունի, որ կարծես ոչինչ պատահած է: Յաճախ կ՛ըսէ. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՛նչ կ՛ըսէ, ես պիտի ընեմ այն, ինչ կ՛ուզեմ»:

Կը փափաքէի մէջբերել թարմ օրինակ մը, երբ Ալիեւ, խիստ անհանգստացած ըլլալով հանդերձ, նման հարցերով, անտեսելու փոխարէն, անսովոր ջանքեր գործադրած է զանոնք լուծելու համար:

Այս օրինակը կապուած է Ֆրանսայի: Վերջին ամիսներուն Ալիեւ բաւական բացայայտ հանդէս եկաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հասցէին` Հայաստանին աջակցելուն համար կոշտ քննադատութեան ենթարկելով զայն: Ալիեւ մերժած է հանդիպում ունենալ նախագահ Մաքրոնի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` արցախեան հիմնախնդիրը քննարկելու նպատակով: Ալիեւ դժգոհած է նաեւ, որ Ֆրանսա շարք մը զրահափոխադրիչներ Հայաստանին վաճառած է: Միլիառաւոր տոլար ծախսելով` Իսրայէլի եւ Թուրքիոյի անօդաչու թռչող նորագոյն սարքերով եւ հրթիռներով Ազրպէյճանը զինելուն համար, Ալիեւ դեռ կը յանդգնի բողոքել, որ Հայաստան սահմանափակ քանակութեամբ զէնք ձեռք բերած է ինքնզինք պաշտպանելու համար:

Անցեալ տարուան աւարտին Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առճակատումը աւելի խորացաւ, երբ Ազրպէյճան Պաքուէն արտաքսեց Ֆրանսայի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ, իսկ Ֆրանսա, իր կարգին, Փարիզէն արտաքսեց Ազրպէյճանի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ:

Intelligence Online կայքը ըսած է, որ ըստ իր գաղտնի աղբիւրներուն, Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւնները խնդրած են «Մոսատ»-էն` Իսրայէլի հետախուզական եւ յատուկ գործողութիւններու  հիմնարկէն, միջամտել Ֆրանսայի հետ ունեցած ներկայ հակամարտութիւնները լուծելու համար:

Ըստ «Մոսատ»-ի գաղտնի աղբիւրներուն, Ազրպէյճանի արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը (XKX), զոր կը ղեկավարէ հրամանատար Օրխան Սուլթանով, խնդրած է Իսրայէլի իր գործընկերոջմէ` միջամտել Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնութեան (DGSE)` Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Ազրպէյճան նշած է, որ չի փափաքիր խորացնել առկայ վէճը:

Սակայն ազրպէյճանական ջանքերը ձախողած են, քանի որ «Մոսատ» չի փոխանցեր ազրպէյճանցիներուն խնդրանքը Ֆրանսայի` ըստ Intelligence Online-ի աղբիւրներուն: Ասիկա նուրբ հարց է Իսրայէլի համար, որովհետեւ ան մէկ կողմէ կ՛ուզէ պահպանել իր լաւ յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ, իսկ միւս կողմէ` Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւնը չի փափաքիր նման միջնորդութեան փորձ ընել այն պահուն, երբ Կազայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի բուռն այլ կէտերու հակամարտութեամբ զբաղած է:

Intelligence Online ըսած է, որ «Մոսատ» մեծ ազդեցութիւն ունի Պաքուի վրայ, քանի որ Իսրայէլ կ՛օգտագործէ ազրպէյճանական տարածքը Իրանի մէջ իր գործողութիւններուն համար: 2018-ին,  «Մոսատ» երբ  Թեհրանէն գողցաւ Իրանի միջուկային փաստաթուղթերը, Իսրայէլի գործակալները օգտագործեցին Ազրպէյճանի սահմանը Իրանէն փախչելու համար: Ի պատասխան` «Մոսատ»  մեծապէս  դիւրացուց  Ազրպէյճանի  կողմէ  Իսրայէլէն զէնքի ձեռքբերումը, եւ այս օգնեց իսրայէլական զէնքի երկրորդ մեծագոյն գնորդ Պաքուի, որ 2020 եւ 2023 թուականներուն յաղթանակներ արձանագրէ Արցախի մէջ: Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ յարձակելէն անմիջապէս առաջ, Ազրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները իրենց ծրագիրներուն մասին տեղեկացուցին  «Մոսատ»-ի  եւ Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան տնօրէնութեան 8200-րդ ստորաբաժանման (Աման) փորձագէտներուն եւ խորհուրդի համար դիմեցին անոնց:

Ըստ Intelligence Online-ի,  «Մոսատ»  վերջին տարիներու համագործակցութիւնը Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան վարչութեան հետ բարձրացուցած է գործողութեան աւելի բարձր մակարդակի, մասնաւորապէս` Իրանի հարցով: Ֆրանսական գործակալութիւնը նոյնպէս զօրաշարժի ենթարկուած է Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին գծով:

Ֆրանսական հետախուզական գործակալութեան նոր տնօրէն Նիքոլաս Լերներ տեսակցած է «Մոսատ»-ի տնօրէն Տէյվիտ Պարնէայի հետ, երբ վերջինս յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին ժամանած էր Փարիզ: Իսրայէլ-պաղեստինեան հարցի շուրջ դռնփակ հանդիպման ներկայ եղած են Եգիպտոսի հետախուզական վարչութեան (Մուխապարաթ էլ-ամմա) գլխաւոր ղեկավար Ապպաս Քամել, Իսրայէլի ներքին ապահովութեան գործակալութեան` «Շին Պեթ»ի ղեկավար Ռոնեն Պար, ԿՀՎ (CIA)-ի ղեկավար Ուիլիըմ Պարնզ եւ Քաթարի պաշտօնեաները:

Intelligence Online յայտնած է, որ ԿՀՎ տեղեկացուցած է Պաքուին, որ դժգոհ է ֆրանսական հետախուզութեան հետ Ազրպէյճանի հակամարտութենէն, մինչդեռ Ֆրանսա կը փորձէ խոչընդոտել Մոսկուան Կովկասի մէջ, եւ թէ` Ազրպէյճանի հարթակին կարիքը ունի:

Բացայայտելով Ալիեւի խաբէութիւնը` Ազրպէյճանի հանդէպ միջազգային ճնշումները անտեսելու մասին, միջազգային հանրութեան խորհուրդս է` շարունակել ճնշում գործադրել Ալիեւի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր անընդունելի կեցուածքը: Հակառակ պարագային, ան պիտի շարունակէ իր բազմաթիւ խախտումներն ու յանցագործութիւնները` մեծ վնաս հասցնելով ինչպէս ազրպէյճանցիներուն, այդպէս ալ հայերուն:

Յաջորդ շաբաթ կը բացայայտեմ եւս մէկը Ալիեւի  ջանքերէն` Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներուն հակազդելու վերաբերեալ, հակառակ իր այն հերքումներուն, որ ինք բնաւ ուշադրութիւն չի դարձներ անոնց վրայ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնն Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը Փաստօրէն, Տգիտութիւն Է, Եւ, Աւելի՛ն, Ազգային Հերետիկոսութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Չեմփիընզ Լիկ. Հումըլզ Կը Գանգատի «Կատակի» Փենալթիին Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.