Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Ռուսիան Իսկապէս Մտահոգուած Է Այն Լարուածութեամբ, Որ Այժմ Յառաջացած Է Բերձորի Միջանցքին Շուրջ»

December 30, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսիան մտահոգուած է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին շուրջ յառաջացած լարուածութեամբ եւ պիտի շարունակէ նպաստել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորման», վստահեցուցած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը շարունակէ եւ մտադիր է հետագային ալ շարունակել իր միջնորդական ջանքերը` կատարելով նախ եւ առաջ այն պայմանաւորուածութիւնները, որոնք ձեռք բերուած են եռակողմ հիմունքներով»,- լրագրողներուն ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը 27 դեկտեմբերին ԱՊՀ-ի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ քննարկած են Բերձորի միջանցքի նիւթը:

«Բերձորի (Լաչինի) միջանցքի նիւթը իսկապէս շատ մանրամասն քննարկուած է երէկ չէ առջի օրը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Փութինի եւ Փաշինեանի միջեւ, այդ նիւթով զրոյցները պիտի շարունակուին: Մենք իսկապէս մտահոգուած ենք այն լարուածութեամբ, որ այժմ յառաջացած է Բերձորի (Լաչինի) միջանցքին շուրջ»,  ընդգծած է ան:

Փեսքով վստահեցուցած է, որ «ռուսական կողմը պիտի շարունակէ իր աշխատանքն ու ջանքերը թէ՛ Երեւանի, թէ՛ Պաքուի հետ շփումներուն մէջ»:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային խաղաղապահներ ուղարկելու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Փաշինեանի գաղափարին մասին` Փեսքով նշած է, որ «միջազգային խաղաղապահները կրնան ներգրաւուիլ, եթէ տագնապին երկու կողմերն ալ համաձայնին ատոր»:

«Եւ սա ո՛չ միայն Հայաստանն է, այլեւ Ազրպէյճանը: Հայաստանը մեր ամէնէն մօտ դաշնակիցներէն է, Ազրպէյճանը մեր շատ արժէքաւոր եւ թանկագին գործընկերն է»,  ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

 

Նախորդը

Մոսկուա Անընդունելի Կը Նկատէ Ռուս Խաղաղապահներու Հասցէին Քննադատութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական. Տարեփակ – Տարեմուտ (Գ.) Նոր Դրութիւններու Որդեգրման Անհրաժեշտութեան Դիմաց

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.