Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ջահը Տակաւին Կը Վառի

November 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Անիրաւութեան, զրկանքի եւ հալածանքի ծնունդ էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

132 տարիներ առաջ խումբ մը երիտասարդներ,  գլխաւորութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի, Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) եւ Սիմոն Զաւարեանի, վառեցին ջահ մը, որ մինչեւ օրս կը բոցավառի` փոխանցուելով սերունդէ սերունդ: Այս ջահին ու անոր վառ մնալուն համար գործողները պայքարեցան, տակաւին կը պայքարին ու պիտի շարունակեն պայքարիլ` ունենալով մէկ նպատակ` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստան: Պատժեցին բոլոր անոնք, որոնք նուազագոյն վնաս հասցուցած են հայուն: Պատժեցին Հայոց ցեղասպանութեան հեղինակները եւ շարք մը թուրք պատասխանատուներ, նաեւ` հայ դաւաճաններ:

Բոլոր այդ գործողութիւններուն հեղինակները մարդ սպաննեցին, բայց մարդասպաններ չէին, ինչպէս ըսած է Սողոմոն Թեհլիրեան իր դատավարութեան ընթացքին:

Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ եւ կը շարունակէ պայքարիլ գրիչով, սուրով եւ աշխատանքով` հաւատարիմ մնալով իր զինանշանին: Եւ այսօր Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ սունկի նման կը բուսնին հակադաշնակցականներ, որոնք այս կամ այն պատճառով կը փորձեն քարկոծել Դաշնակցութիւնը` պատրուակելով կամ պահուըտելով այն միտքի ետին, թէ իրենք Դաշնակցութեան դէմ չեն, այլ` կարգ մը դաշնակցական պատասխանատուներու: Նման անհատներ լաւապէս պէտք է հասկնան, որ ո՛չ օտար դեսպանատուները, ոչ ալ օտար դրամանիշները կրնան կասեցնել Դաշնակցութեան կամ դաշնակցականներու սրբազան երթը: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք նման անձերու հակաքարոզչութեամբ կը տարուին, թող լաւապէս գիտակցին, որ վերջաւորութեան պիտի մնան մինակ, բայց դարձեալ ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ ալ դաշնակցականները թոյլ կու տան, որ իյնան:

132 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը չունեցաւ գարնան եղանակ, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին ունեցաւ բազում նահատակներ, որոնք մնացին իրենց երդումին հաւատարիմ` տալով իրենց ամէնէն թանկագինը եւ մոռնալով տուն, ընտանիք, զաւակ, հայր ու մայր… կեանք մը ամբողջ:

Դաշնակցական են բոլոր այն նահատակները, որոնք ինկած են ազգի ու հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, նոյնիսկ եթէ երդուեալ չեն:

Փա՛ռք ու պատիւ բոլոր ինկածներուն. կը խոստանանք շարունակել անոնց սուրբ գործը ու միշտ վառ պահել 132-ամեայ ջահը:

 

 

Նախորդը

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցած Պայթումի Ետին Թուրքիան Կանգնած Է. «Նեշընըլ Ինթրեսթ»

Յաջորդը

Պէյրութը Միայն Ծննդավայր Չէր Մեզի Համար. 22 Նոյեմբերը Լիբանանի Անկախութեան Օրն Է, Եւ Այս Գրութիւնը Այդ Առթիւ Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.