Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Նոր Թարգմանչաց Մը` Յաղթելու Համար Պարտադրուող Պատերազմները

October 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց տօնը, կրթական տարեշրջանի վերամուտը եւ հայրենիքի մէջ Ուսուցիչի օրը իրար կը յաջորդեն անմիջականօրէն: Խորհուրդները անշուշտ փոխկապակցուած են եւ ուղղակիօրէն մեր կրթութեան խնդիրները լոյսին բերելու եւ յառաջիկայ աշխատանքները ուղենշելու պահեր կը ստեղծեն:

Հայրենի կրթակարգի դիմագրաւած խնդիրներու քննարկումները մասնագիտական մօտեցում կ՛ենթադրեն: Աղմկայարոյց բարեփոխումներ` ռազմահայրենասիրական կամ հայ եկեղեցւոյ դասանիւթերը կրթական ծրագիրներէն դուրս բերելէն մինչեւ համալսարանական համակարգի բովանդակային փոփոխութիւններու հայեցակարգեր, մինչեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի գոյութեան շարունակութեան իմաստը հարցականի տակ առնելու երեւոյթներ կը ձգեն թիրախին չուղղուած կրակոցներու երեւոյթի տպաւորութիւն: Այսօր պարզ չէ այդ բոլոր առաջադրուած փոփոխութիւններու արդիւնքը, յստակ ալ չէ, թէ ինչո՛ւ կանգ առին բողոքի շարժումներն ու գործողութիւնները այդ բոլորին դէմ: Կարծէք միջանկեալ կանգառի մէջ է կրթական բարեփոխումներու գնացքը:

Ա՛յս հարցին մէջ եւս համահայկական կրթական մարդուժի բացառում արձանագրուեցաւ: Թերեւս պէտք չէ բացարձակացնել հաստատումը` նկատի ունենալով սփիւռքահայ կարգ մը ակադեմականներու խորհրդատուական մասնակցութիւնը այդ քննարկումներուն:

Աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարած կամ պաշտօնավարող հայ անհատներու ցանկագրուած ցուցակ մը կրնայ յուշել այս ոլորտի պատասխանատուներուն, որ հայկական մարդուժի ներգրաւումը այս աշխատանքներուն կրնայ բեկումնային զարգացում ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութան ոլորտին, որ այսօր իբրեւ գերատեսչութիւն համատեղուած է մշակոյթով եւ մարմնամարզով: Այս շատ ռազմավարական մարզերու համակցումը եւ մէկ գերատեսչութեան ներքոյ տեղադրումը  դրական լիցք չ՛ապահովեր աշխատանքին, հեռանկարային առումով:

Թարգմանչաց շարժումը քաղաքականօրէն բարենպաստ պայմաններու մէջ տեղի չէր ունենար: Բաժնուած եւ տիրապետուած Հայաստանը ուծացման  սպառնալիքին դէմ յանդիման էր ամէնէն ճակատագրական տարողութիւններով: Կրթական շարժումը ռազմավարական նշանակութեամբ հայրենիքն ու ազգը փրկելու հրամայականը ներառած էր իր մէջ, որուն շուրջ գիտակցական համախմբում  կայացաւ պետութեան, հոգեւորականութեան եւ թարգմանչաց սերունդին կողմէ: Այնուհետեւ բեկումը կայացաւ, եւ ազգն ու հայրենիքը փրկուեցան:

Նոյնքան օրհասական են օրերը այսօր: Պետութիւնը, որ կոչուած էր դառնալու առանցքն ու մղիչ ուժը այդ շարժին, չի կատարեր իրմէ ակնկալուած գործառոյթը:

Մեր հայրենիքին համար ուժերու յարաբերութեան քաղաքական այս ոչ բարենպաստ պայմաններուն մէջ կրթական յեղափոխութեան ձեռնարկելը  հեռահար ժամկէտներով կրնար ստեղծել քաղաքացիական առողջ հասարակութիւն, որ մեր երկիրը կը յաջողէր դարձնել տարածաշրջանի ամէնէն մրցունակ կրթական, գիտական, ակադեմական կեդրոնը: Գիտելիքահենք տնտեսութիւն կերտելու առաջադրանքը մնաց տեսութիւն, եւ որուն համար չառնուեցան անհրաժեշտ միջոցառումները:

Ծովազուրկ եւ ուժանիւթազուրկ մեր հայրենական տարածքը գիտելիքին, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթին մէջ գերակայութիւններ յառաջացնելով կը դառնար տարածաշրջանի ամէնէն մրցունակը, գուցէ նաեւ անգերազանցելին: Գիտելիքահենքին հետ  կը կապուին ծովուն տեղ աշխարհատարած ցանցը նպատակաուղղուած աշխատցնելու թուային եւ թուանշային ապահով դրութեան ստեղծումը կամ ուժանիւթի բացակայութեան արեւայինէն ջրային, հովային թէ միջուկային այլընտրանքային վառելանիւթեր հայթայթելու կամ արտահանելու կարողականութեան առարկայացումը:

Դասական իմաստով չէ գերադասման այս սկզբունքը: 21-րդ դարը արագութեան, հաղորդակցութեան, հեռակառավարման, արհեստական բանականութեան ցանցային համակարգի դար է: Տարածականութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ ցանցային դրուածքի բոլոր նախադրեալները ունեցող  ազգ ու պետութիւն ենք, որ ժամանակի թելադրած պայմաններուն համահունչ չենք յաջողած արդիւնաւէտել այդ բոլորը:

Պիտի առարկուի, որ պատերազմական վիճակի մէջ ենք, եւ այլ են առաջնահերթութիւնները: Պատերազմները այսօր հեռակառավարուող են, էապէս ռազմական ոլորտի գիւտերու հետ կապուած եւ կ՛ենթադրեն բնագիտութեան, քիմիագիտութեան եւ կենսագիտութեան համախառն արդիւնաւորում` ոչ անպայման զանգուածային ոչնչացումներու մտադրութիւններով: Անօդաչու սարքերէն մինչեւ ջերմային տեսանելիութիւն, մինչեւ հակօդային ռազմասարքաւորումներով հեռակառավարուող յարձակումներ չէզոքացնելու միջոցներ հիմնովին վերափոխած են  պատերազմելու միջոցները:

Բայց այդ բոլորին համար նախ անհրաժեշտ են ազգային կրթութեան հիման վրայ ամուր դիմադրողականութեան կուտակում, զուգահեռ` գիտելիքահենք համակարգ եւ մրցունակ մասնագիտական դրութիւն: Ա՛յս է դարու պահանջը. մանաւանդ թշնամիներով շրջափակուած երկիրներու պարագային:

Նախորդը

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը Կը Ճանչնան Իրարու Տարածքային Ամբողջականութիւնն ու Գերիշխանութիւնը. Այս Ամիս Սահմանի Երկայնքին Եւրոպական Միութեան Քաղաքային Առաքելութիւն

Յաջորդը

Ռանիերի Մերժեց Սամտորիայի Առաջարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.