Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Յետընտրական Տագնապի Խորացում

May 27, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն անմիջապէս ետք կայծակնային մագլցում կ՛ապրի լիբանանեան դրամանիշի արժեզրկումը: Կար այն տեսակէտը, որ կառավարութեան շրջանցումով կատարուող օժանդակութիւններն ու լիբանանեան դրամանիշի համեմատական արժեւորման միտումները իբրեւ ժամկէտ ունէին խորհրդարանական ընտրութիւնները: Դրամանիշի կայունացման  կը նպաստէր շուկայ ներդրուած ստուերային ընտրական արժոյթը. յայտնապէս աստղաբաշխական գումարներ ներմուծուած էին Լիբանան` քուէագնման նպատակներու համար:

Հիմա կանգնած է քուէագումարի շրջանառութիւնը: Չի բացառուիր, որ դանդաղի նաեւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու օժանդակութիւններու հոսքը: Պարզ է, որ թիրախը խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումն էր եւ այդ կայարանը ժողովուրդ փոխադրող շոգեկառքը հասցնելը:

Վառելանիւթի եւ կենսական տարրական նիւթերու  ապահովումը մղձաւանջ է այլեւս քաղաքացիին համար, որ առօրեայ կշռոյթով ջուրի, ելեկտրականութեան ձեռքբերման ամէնժամեայ տագնապին մէջ է:

Լիբանանը թեւակոխած է տագնապի խորացման նոր փուլ: «Այսօրը աւելի լաւ է, քան վաղը» բանաձեւը  իր մորթին վրայ զգացող քաղաքացին յայտնուած է նոր անորոշութեան մէջ:

Մեկնող կառավարութիւնը մակերեսային, գերժամանակաւոր լուծումներու որոշումներ կը կայացնէ` կեանքի սղաճի յաւելավճարի ճշդումով մէկ կողմէ, հաղորդակցութեան միջոցներու նոր սակագիներ որոշելով` միւս կողմէ:

Լիբանանցին ամէն օր կ՛արթննայ նոր գնացուցակով, որ օրուան մէջ կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու: Ա՛յս է թաւալգլոր ընթացքը տնտեսական  գահավիժումին:

Բնազդային հարցադրումը ինքզինք կը պարտադրէ. ո՞ւր հասնելու համար են այս բոլորը: Մինչ, նորընտիր խորհրդարանը կը տուայտի մեծամասնութիւն ճշդելու տեսական մօտեցումներով: Խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան խնդիրը տարբեր փորձաքարերու կը զարնուի` ընդհանրապէս անորոշ ձգելով ընտրուած խորհրդարանին աշխատելու եղանակը:

Արտաքին օժանդակութիւններու խոստումները կը վերապայմանականացուին: Բարենորոգում, վարչակառավարում եւ նման կարգախօսներ կը սաւառնին տարբեր երկիրներէ դէպի Պէյրութ ուղղուող յայտարարութիւններուն վերեւ: Այս բոլորը քող են. ենթագիծը այդ բոլորին` քաղաքական պայմանները:

Հիմա կը թուի, որ այդ պայմանները պիտի վերաբերին նշանակելի վարչապետի կերպարին, կազմուելիք կառավարութեան ձեւաչափին, նախարարներու «փորձագիտական» կենսագրութիւններուն եւ անշուշտ մշակուելիք ծրագիրին:

Պարանաձգութիւններու երկար շղթայի մը օղակներն են, որոնք կ՛երեւին` պահանջ-բաւարարում գործողութեամբ իւրաքանչիւր օժանդակութեան օղակ կազմելով կամ քանդելով:

Հիմա, նոր գործընթացի առաջին փուլը խորհրդարանի նախագահի ընտրութիւնն է: Խոհրդարանական բեմահարթակը կը բացուի այս օրակարգով: Աւանդաբար եւ միջհամայնքային համաձայնութեամբ աթոռին գլխաւոր թեկնածուի ճշդումը վերապահուած է շիի համայնքին, որ կը թուի միակամ ըլլալ թեկնածուին շուրջ: Ականատես պիտի ըլլանք մէկ կողմէ համայնքի իրողական ներկայացուածութեան սկզբունքի յարգումի, միւս կողմէ համայնքներու որոշման կեդրոնները շրջանցելու երկու հակասական երեւոյթներու:

Համայնքի որոշման կեդրոններու շրջանցման մօտեցումը չի բխիր նաեւ հայկական համայնքի շահերէն:

«Ա.»

Նախորդը

«Պիտի Վերաշինենք Տէր Զօրի Եկեղեցին Իր Համալիրով: Տէր Զօրի Համալիրը Վերաշինել Կը Նշանակէ Նոր Շունչ, Նոր Թափ Տալ Մեր Պահանջատիրական Պայքարին». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Արցախի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Կը Շարունակէ Լիբանան Այցելութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.