Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին, Եւ Խորհրդարանի Նստաշրջանը Պիտի Չերկարաձգուի»

October 12, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ հաղորդակցութիւն մը ունեցած է եւ շեշտած, որ պէտք է կառավարութեան աշխատանքը արագացնել` աւելցնելով, որ Միքաթիի կառավարութեան գործունէութիւնը մէկէն մէկուկէս ամսուան միջեւ կը տարուբերի:

Ան նշեց, որ խորհրդարանին աշխատանքը դեկտեմբերի սկիզբէն գրեթէ առկախուած կ՛ըլլայ, նախ` տօներուն առիթով եւ ապա երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացման թուականին եւ թեկնածուներուն կողմէ իրենց ընտրական արշաւներուն սկսելու պատճառով:

«Մինչեւ այս թուականը կառավարութիւնը պէտք է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ իր բանակցութիւնները աւարտած ըլլայ կամ նուազագոյնը գործնական քայլերու դիմած ըլլայ, ինչպէս նաեւ ելեկտրականութեան հարցը լուծած ըլլայ, այլապէս` ձախողած կը նկատուի», ըսաւ ան:

Պըրրի յայտնեց, որ նշանակումներով տարուիլը հիմնական պահանջ չէ, այլ` ժամանակի կորուստ: «Հիմնականը ժողովուրդին ելեկտրական հոսանք տրամադրելն է, իսկ եթէ լիբանանեան բանակը իր ռազմավարական պահեստի վառելանիւթը չտրամադրէր, ապա այսօր Լիբանան ամբողջական խաւարի ենթարկուած կ՛ըլլար», շեշտեց ան:

Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին, եւ խորհրդարանի նստաշրջանը պիտի չերկարաձգուի:

Ան նշեց նաեւ, որ ընտրական առկայ օրէնքը արտերկրի լիբանանցիներուն իրաւունք կու տայ խորհրդարանին մէջ ունենալու իրենց ներկայացուցիչները եւ քուէարկութեան մասնակցելու, «սակայն, ըստ երեւոյթին, այս կէտին շուրջ տարակարծիք են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնն ու Լիբանանեան ուժերը: Ամէն պարագայի, խորհրդարանի լիագումար նիստը կ՛եզրակացնէ այդ հարցը, եւ բոլորը ստիպուած են գործադրել խորհրդարանին տուած որոշումը», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց, որ 27 մարտը նախընտրած են` երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման համար, որովհետեւ 8 մայիսին ընտրութիւնները կատարելու պարագային` ընտրական արշաւները ռամատանին պիտի զուգադիպին, ինչ որ կրնայ դժուարացնել այդ արշաւներուն գործադրութիւնը:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Կոչ Կ՛ուղղէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Ընթացիկ Նիստը, Իսկ Զահրանիի Մէջ Բռնկած Հրդեհը Պատճառեց 250 Հազար Լիթր Վառելանիւթի Կորուստը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.