Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ, Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

October 9, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ արժեզրկուիլ` ամերիկեան մէկ տոլարին սակը 19,600 լ. ոսկիի հասնելով, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ անձնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յորդանան:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր վարչապետարանին մէջ ընդունեց «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներուն գործադրութեան հսկող ֆրանսացի պատուիրակ Փիեռ Տիւքանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոյի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Տիւքան շեշտեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները արագացնելու կարեւորութիւնը եւ մինչեւ տարեվերջ համաձայնութեան մը յանգելու անհրաժեշտութիւնը:

Տիւքան նշեց, որ բանակցութիւնները սկսելու հարցով համաձայնութեան մը յանգելու պարագային, Ֆրանսա կրնայ մտածել միջազգային այլ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու մասին, որպէսզի կարենայ լիբանանեան պետական գանձարկղին փոխանցուելիք ուղղակի օժանդակութիւններ ապահովել:

Տիւքան հաստատեց բարեկարգումները գործադրելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններուն ընդմէջէն լիբանանեան կեցուածքը միասնականացնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ իր կարգին ընդունեց Փիեռ Տիւքանն ու Անն Կրիոն: Քննարկուեցան Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանին օժանդակելու ձեւերն ու միջոցները:

Տիւքան եւ Կրիօ հանդիպումներ ունեցան նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամի եւ Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Նաժլա Ռիաշիի հետ:

Միւս կողմէ, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 98 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է եւ վերածուած 241.400 լ. ոսկիի, 95 օքթան պենզինը` 233.800 լ. ոսկիի, մազութը` 207.900 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազը` 178.800 լ. ոսկիի:

Նշենք, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը նախանցեայ օր գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին յանձնարարեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 27 մարտ 2022-ին:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ 15 հոկտեմբերին յաջորդող առաջին երեքշաբթի օրուան ընթացքին խորհրդարանը լիագումար նիստին ընթացքին պէտք է վաւերացնէ ընտրական օրէնքին ենթարկուելիք թեքնիք բարեփոխումները:

ՊԷՏՔ է աւելցնել, որ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզէտտին լքեց խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստը` բողոքելով այն իրականութեան դէմ, որ խորհրդարանին մէջ կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինին վերաբերող բարեփոխումին մանրամասնութիւնները քննարկելու իմաստով ոչ ոք ընդառաջում ցուցաբերած էր:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին Եւ Մաուլաուին

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հետաքննելու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հայաստանի Եւ Արցախի Առնչուած Ձախողութիւնները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.