Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Հետաքննելու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հայաստանի Եւ Արցախի Առնչուած Ձախողութիւնները

Հոկտեմբեր 9, 2021
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Քոնկրեսին կոչ կ՛ուղղէ` հետաքննելու արտաքին գործոց նախարարութեան Հայաստանի եւ Արցախի առնչուած ձախողութիւնները:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան կոչ կ՛ուղղէ` առանցքային յանձնախումբերուն կատարելու Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ անոր առնչուած գերատեսչութիւններու վերահսկողութեան իրենց պարտականութիւնները` Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի եւ շրջանային յարաբերութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան ընդհանուր համակարգային ձախողութիւններու հետաքննութեան միջոցով:

«Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ լիակատար թափանցիկութիւն, հաշուետուողականութիւն եւ պատշաճ կառավարում», յայտարարած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան:

«Արտաքին գործոց նախարարութեան լուրջ, համակարգային թերութիւններէն Արցախի վրայ Ազրպէյճանի յարձակումէն առաջ, ընթացքին եւ ետք յստակ է, որ Քոնկրեսին անհրաժեշտ է խոր հետաքննութիւն կատարել, որ շատոնց լոյս կը սփռէ այդ դիւանագիտական աղէտին վրայ` մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկելով», նշած է Համբարեան:

7 հոկտեմբերին Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզին, Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրեկ Միքսին եւ առանցքային այլ յանձնախումբերու անդամներուն ուղղուած նամակով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեանը կոչ ուղղած է հետաքննելու Հայաստանի Հանրապետութեան-Միացեալ Նահանգներու երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ եւ շրջանային դիւանագիտութեան մէջ բազմակի, հիմնարար եւ կրկնուող ձախողումները` նախորդ տարուան սեպտեմբերին, ատկէ առաջ եւ ետք` Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ազրպէյճանի շարունակուող յարձակումներու ընթացքին մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերիշխան տարածքներու շարունակական բռնագրաւումի ժամանակ: Հետաքննութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան վարքագիծը` ներքոշարադրեալ թերութիւնները վերացնելու համար`

– Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի 907-րդ յօդուածի եւ Ազրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան օրէնսդրական խախտումները չկանխարգիլելը:

– Ազրպէյճանի կողմէ գործածուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկեան պահեստամասերու յայտնաբերման առնչուած` ամերիկացի արտադրողները, թրքական կառավարութեան եւ մասնաւոր հատուածի շահագրգիռ կողմերը պատասխանատուութեան չենթարկելը, ինչ որ ամերիկեան օրէնսդրութեան խախտում է:

– Օտարերկրեայ ահաբեկիչ զինեալներու, ներառեալ Սուրիայէն եկած ժիհատականներու հաւաքագրման եւ Արցախի դէմ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ օգտագործման համար Թուրքիան պատասխանատուութեան չենթարկելը:

– Հայ պատերազմական գերիներու անօրինական պահման, խոշտանգումներու եւ նոյնիսկ սպանութիւններու համար Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան չենթարկելը:

– Հայաստանի գերիշխան տարածք ներխուժման եւ բռնագրաւման համար Ազրպէյճանի ղեկավարները պատասխանատուութեան չենթարկելը:

– Արցախի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան հարցերու խաղաղ լուծման գործին մէջ Միացեալ Նահանգներու շահերը համարժէք չներկայացնելու առումով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի ձախողումները:

– Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նախապէս իմացութեան եւ/կամ Ազրպէյճանի յարձակման մասին նախազգուշացման ձախողումները:

– Իրենց բնօրրանէն տեղահանուած աւելի քան 100.000 հայերուն համարժէք մարդասիրական օգնութիւն չտրամադրելը:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը յատուկ ուշադրութեան հրաւիրած է արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման բանակցութիւններուն մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի դիւանագիտական անյաջողութիւններու հետեւանքներուն վրայ` նկատելով. «Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան ձախողութիւնը շրջան հրաւիրած է չարագործ դերակատարներ, որոնցմէ առաջինը Թուրքիան է, որ բռնի կերպով կը փորձէ նախագծել Կովկասի ապագան:

Նախորդը

Լիբանանեան Դրամանիշը Կը Շարունակէ Արժեզրկուիլ, Վառելանիւթը Կը Սղի, Իսկ Բարեկարգումները Գործադրելու Խոստումը Կը Շարունակուի Պարտադրուիլ

Յաջորդը

Պասքերու Երկրի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Որդեգրած Է Ազրպէյճանէն Հայ Գերիներու Ազատ Արձակումը Պահանջող Բանաձեւ Մը

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?