Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Ողիմպիականի Մարզիկներ` Ճափոնի Դեսպանին Մօտ

July 17, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանցի
Մարզիկները` «Լիբանանի Իսկական Դեսպաններ»

Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքոպօ Թաքիշի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցան դեսպանի նստավայրին մէջ` ներկայութեամբ «Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներու:  Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռոստոմ, պատուիրակութեան նախագահ Մազեն Ռամատան եւ ողիմպիականի խաղերուն մասնակցելու արժանացած երեք մարզիկներ Ռէյ Պասիլ, Նուրէտտին Հապիպ եւ Կապրիէլլա Տուէյհի: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին  մէջ Ժալըխ նկատեց, որ ողիմպիական խաղերուն մրցանակ ստանալէ աւելի կարեւոր է Լիբանանի մասին լաւագոյն պատկերն ու տպաւորութիւնը ձգելը եւ Թոքիոյի ողիմպիականէն օգտուիլը`  երկու սեռերու հաւասարութեան լաւագոյն ներդաշնակութիւնը ցուցաբերելու:

Իր կարգին, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց մարզիկներուն կողմէ Լիբանանի լաւ եւ իսկական պատկերը պարզելու քայլին կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ անոնք Լիբանանի իսկական դեսպաններն են, ինչպէս նաեւ հաւաստելով, որ անոնք ողիմպիական խաղերուն իրենց  մասնակցութեամբ ցնծութիւն պիտի ստեղծեն երկրին մէջ ներկայ դժուար պայմաններու մթնոլորտի լոյսին տակ:

Դեսպան Օքոպօ եւս բարձր գնահատեց մարզիկներուն մասնակցութիւնը եւ անոնց յանձնառութիւնը, որ Լիբանանի համար յուսատու փարոս կը նկատուի ներկայ արտակարգ պայմաններուն մէջ` մաղթելով, որ ողիմպիական խաղերուն այս մասնակցութիւնը առիթ մը ըլլայ մարդկութեան` միանալու եւ ամրապնդելու իրենց ինքնավստահութիւնը, նաեւ ընդգծելով, որ Ճափոն միշտ զօրավիգ կը կանգնի Լիբանանին` յաջողութիւն մաղթելով լիբանանցի մարզիկներուն եւ զանոնք որակելով «Լիբանանի իսկական դեսպաններ»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Յաջորդը

Տնտեսական Եւ Ապահովական Անկայուն Մթնոլորտի Մէջ. Կոչեր Ու Ճիգեր` Կացութեան Բարւօք Լուծման Հետքերով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.