Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

July 12, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միշտ ալ անմեղը կը դառնայ տագնապներու, պատերազմներու, ճգնաժամերու, արկածներու եւ միջադէպերու զոհը:

Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ապրուստի, առողջապահական եւ երկրին գրեթէ բոլոր մարզերը հարուածող տագնապին պատճառով շաբաթավերջին մահացաւ 10-ամսեայ մանուկ Ժուրի Սէյիտը: Մանուկին ծնողքը հաստատեց, որ իր զաւկին համար դեղորայք որոնած է եւ հիւանդանոցային խնամքի դիմում ներկայացուցած է բազմաթիւ հիւանդանոցներու, սակայն դիմումը մերժուած է, եւ այդ պատճառով ալ երեխան մահացած:

Մինչդեռ Մազպուտի հիւանդանոցին հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն,  երեխան հիւանդանոց փոխադրուած է արեան մէջ թթուածինի պակասով եւ մարմնին վրայ կապոյտ հետքերով:

Տեղեկագիրին համաձայն, հիւանդանոցը երեխային տրամադրած է պէտք եղած բուժումը եւ ապահոված, որ զայն պահեն վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, սակայն աւելի ուշ բժշկական անձնակազմէն անկախ որոշում տրուած է երեխան փոխադրելու այլ հիւանդանոց:

«Հիւանդանոցը զգուշացուցած է, թէ կարելի չէ երեխան փոխադրել, եթէ յատուկ հիւանդատար մը չապահովուի: Սակայն պատկան կողմերը պնդած են, որ փոքրիկը պէտք է տեղափոխեն եւ անձնական ինքնաշարժով մը փոխադրած են: Քանի մը վայրկեան ետք, անոնք վերադարձած են հիւանդանոց եւ ի յայտ եկած է, որ երեխային սիրտը կեցած է: Հիւանդանոցի անձնակազմը փորձած է փրկել զայն, սակայն արդիւնքը եղած է ժխտական», նշուեցաւ հիւանդանոցի տեղեկագիրին մէջ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան պահանջեց Ժուրի Սէյիտի մահուան մասին հետաքննութիւն բանալ, ինչպէս նաեւ կապ հաստատած է երեխայի ծնողքին եւ հիւանդանոցի անձնակազմին հետ` այս նպատակով:

Հասան նախարարութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Ժուրի Սէյիտի ընտանիքին եւ առողջապահական ու բժշկական մարզի պատասխանատուներուն յանձնարարեց հիւանդ քաղաքացիներուն զօրակցիլ եւ հասնիլ անոնց` շրջանցել կարենալու համար երկիրը յուզող այս զգայուն փուլը:

Միւս կողմէ, դեղարաններու սեփականատէրերու համախմբումը յայտարարեց, որ այսօր` երկուշաբթի, 12 եւ վաղը` երեքշաբթի, 13 յուլիսին դեղարանները պիտի վերաբացուին` ջնջելով բաց գործադուլի որոշումը, եւ սպասելով Համատ Հասանի տուած խոստումին:

Համախմբումին յայտարարութիւնը կը նշէ, թէ դեղարանները դեղորայք պիտի վաճառեն միայն շտապ պարագաներուն:

«Նախարարի պաշտօնակատար Հասանի խոստումը չիրականանալու պարագային, դեղարաններուն բաց գործադուլը դարձեալ պիտի շարունակուի չորեքշաբթի, 14 յուլիսէն սկսեալ:

Նշենք, որ վառելանիւթի եւ ելեկտրականութեան տագնապները իրենց կարգին կը յամենան, լիբանանեան դրամանիշը կը շարունակէ գահավիժիլ, իսկ սղաճը կը շարունակէ իր թռիչքը` արաբական հացի կապը հասցնելով 5000 լ. ոսկիի:

Այս բոլորին առընթեր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ:

 

Նախորդը

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Յաջորդը

Դաւիթ Յարութիւնեան. «Արմատական Խախտումները, Որոնք Անթոյլատրելի Են Ժողովրդավարական Հասարակութեան Մէջ, Տեղի Ունեցած Են Նախընտրական Փուլին»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան Զգուշացումները

October 20, 2026
Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները  Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը  Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարելու Իր Որոշումը Կը Պաշտպանէ Եւ Զելենսքին Կը Մեղադրէ

October 20, 2026
Այցելելով Թեհրան`  Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ  Ռազմավարական Գործակցութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Թեհրան` Լաւրով. «Ռուսիան Յանձնառու Է Իրանի Հետ Ռազմավարական Գործակցութեան»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.