Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1915-ի Ոճիրէն Հարիւր Վեց Տարի Ետք Մարդկութիւնը Չի Մոռնար Ամբողջ Ժողովուրդի Մը Բնաջնջումը» Կ՛ըսէ Յունաստանի Վարչապետը

April 27, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի առիթով Յունաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին յղած է նամակ մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայութեան` նշելով, որ հայ ժողովուրդին բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»-ը:

Յունաստանի վարչապետը իր նամակին մէջ կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարելից մըն է յոյն եւ հայ ժողովուրդներուն համար, որոնց կապերը կու գան դարերու խորերէն: Սակայն նաեւ` բարեկամութիւն մը, որ դարբնուած է դժուար պայմաններու տակ:

«1915-ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը: Հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մը, որ կազմակերպուեցաւ, երբ ամբողջ երկրագունդի հայեացքը ուղղուած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի խրամատներուն վրայ:

«Այսօր, ուրեմն, ինչպէս ամէն 24 ապրիլին, կը յարգենք անմեղ զոհերու յիշատակը` յայտնելով մեր հաւատարմութիւնը մարդկային կեանքի յարգանքին ու արժանապատուութեան սկզբունքներուն, որովհետեւ, միայն խաղաղ գոյակցութիւնն է, որ ազգերը դէպի առաջ կ՛առաջնորդէ` տարբեր ըլլալու իրողութիւնը փոխակերպելով հասարակաց հարստութեան: Ժամանակի գլորումին մէջ Յունաստանը եւ Կովկասը միասին քալեցին դիցաբանութեան ու պատմութեան, քաղաքակրթութեան ու աւանդութիւններուն ընդմէջէն: Այս պատճառով ալ մեր երկիրը նեցուկ կանգեցաւ խոցուածներուն ու վիրաւորներուն` Հայաստանի վերջին փորձութեան ընթացքին: Անմիջապէս ընդառաջեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու կոչին: Այսօր մեր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման հոլովոյթին յենած միջազգային արդարութեան կանոններուն վրայ: Լուծում մը, որ պիտի յարգէ տեղացի ժողովուրդին իրաւունքները, հեռու` նոր ու անարդար արիւնահոսութենէ: Նաեւ, Յունաստանը չի կրնար մոռնալ, որ 20-րդ դարու սկիզբին յոյները եւ հայերը միասին ճաշակեցին ողբերգական պահեր, պոնտացիներու եւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ողբերգութեան ընդմէջէն: Ճիշդ այդ պատճառով, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ, մեր երկիրը առաջիններէն եղաւ, որ պատսպարեց հալածուած հայերը եւ ճանչցաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը:

«Դարերու ընդմէջէն եկող հասարակաց երթը կը շարունակուի այսօր եւս` երկու երկիրներուն մէջ ապրող համայնքներու միջոցով: Իրարու միջեւ ամուր հաստատուած կամուրջներ, որոնք արգասաբեր կերպով կը մասնակցին երկու երկիրներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին` վերանորոգելով իրենց դարաւոր բարեկամութիւնը:

«Կը փակեմ` կրկնելով պատմական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը, մանաւանդ երբ մոռացութիւնը պատճառ կը դառնայ կրկնելու այն արարքները, որոնք իրենց մռայլ հետքը ձգեցին պատմութեան վրայ: Հետեւաբար մեր զգօնութիւնը պէտք է դառնայ մնայուն: Մեր խօսքերուն պէտք է ընկերանան այն գործողութիւնները, որոնք պիտի կարողանան կասեցնել` խտրականութիւնը, ատելութիւնը եւ բռնութիւնը: Հարիւր վեց տարի ետք, ուրեմն, կը յիշենք, կը մնանք զգօն եւ կը գործակցինք»:

 

Նախորդը

«Ցեղասպանութեան Փաստը Պէտք Է Որոշուի Համապատասխան Դատական Մարմիններու Կողմէ» Կ՛ըսէ Տիւժարիք

Յաջորդը

Էրտողան Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Թուրքիոյ Ուղղուած Մեղադրանքները Համարած Է Կեղծ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.