Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որ յատկացուած էր Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տիրող իրավիճակին:
Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար, նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ խորհրդականներ:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 4 օգոստոս 2020-ի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած աւերակներուն մնացորդացը, ինչպէս նաեւ հոն գտնուող վտանգաւոր նիւթերը ըստ օրէնքի փոխադրելու կարեւորութիւնը: Նախագահը նաեւ իր ցուցմունքները տուաւ նաւահանգիստի բարգաւաճումին համար որդեգրուելիք օրինական, տնտեսական, ելեւմտական եւ թեքնիք ծրագիրներ մշակելու նպատակով:
Նիստէն ետք Նաժժար յայտնեց, որ նախագահ Աուն ընդգծած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տակաւին գտնուող վտանգաւոր նիւթերն ու պայթումին մնացորդացը փոխադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ պատճառով ալ ան համաձայն գտնուած է, որ Միջազգային դրամատան տրամադրած վարկին մէկ բաժինը յատկացուի այս աշխատանքին:



