Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին վաւերացուեցան Լիբանանի Հանրապետութեան եւ Միջազգային դրամատան միջեւ վարկերու համաձայնագիրներ, որոնք կը վերաբերէին «Քորոնա» համաճարակին եւ տնտեսական տագնապին դէմ պայքարի շրջագիծին մէջ ընկերային ապահովութեան ցանցին զօրակցելու, ինչպէս նաեւ փոքր եւ միջակ հաստատութիւններու հիմնադրութեան ծրագիրներուն օժանդակելու:
Պըրրի յայտնեց, որ առաջարկուած այս վարկերուն վաւերացումը ուշացած է, որովհետեւ յստակացումներու եւ սահմանադրական կարգի համաձայն, վարչապետին եւ տուեալ մարզի նախարարներուն ստորագրութեան սպասումը ժամանակ խլած է:
Այս շրջագիծին մէջ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր յայտնեց, որ ընտանիքներուն օժանդակութիւնները պիտի տրամադրուին` ընկերային հարցերու նախարարութեան մշակած գործիքակազմով:
Նիստը համաձայն գտնուեցաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի կողմէ ներկայացուած բնակարանային վարկերու գումարը բարձրացնելու առաջարկին:
Քանաան առաջարկած էր 300 միլիոն լ. ոսկիի գումարը բարձրացնել 450 միլիոն լ. ոսկիի, իսկ 400 միլիոն լ. ոսկիի գումարը` 600 միլիոն լ. ոսկիի:
Նշենք, որ նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով երեսփոխաններ Միշել Մըրի եւ Ժան Օպէյտի մահուանց յիշատակները:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցին Հզօր հանրապետութիւն պլոքը, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ: Նիստին ընթացքին կարդացուեցան նաեւ բանաւոր բացակայութիւն արձանագրած երեսփոխաններուն անունները:
Նիստէն ընթացքին Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա պահանջեց արտերկրի լիբանանցի ուսանողներու «Ուսանողի տոլար» հայթայթելու օրէնքին գործադրութիւնը` ընդգծելով, որ պէտք է դրամատուներուն վրայ ճնշում բանեցնել, որ գործադրեն այդ օրէնքը, այլապէս պէտք է անոնց դէմ դատական հարց յարուցել:
Նիստէն ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանէն պահանջեց խիստ կերպով հսկել Միջազգային դրամատան տրամադրած վարկին գործնականացման:
Քանաան յայտնեց, որ բնակարանային վարկերու իմաստով ներկայացուցած իր առաջարկին նպատակն է օգնել միջին եւ համեստ դասակարգի երիտասարդներուն: «Տագնապը սուր է ու մեծ, իսկ պահանջուած է վերջ տալ լուծումները արգելակելու փորձերուն եւ իրականացնել լիբանանցիներուն պահանջները», ըսաւ ան:
Սղաճին Եւ Տնտեսական Տագնապին Դէմ
Բողոքի Ցոյցեր
Միւս կողմէ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին կից օտար երկիրներու մէջ իրենց ուսումը շարունակող լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները գործադրեցին բողոքի ցոյց մը` պահանջելով գործադրել «Ուսանողի տոլար» հայթայթելու օրէնքը:
Իսկ նկատի ունենալով, որ մէկ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակը հասաւ 11.000-ի, 17 հոկտեմբերի շարժումը կազմակերպած քաղաքացիական ընկերութեան խմբաւորումները երկիրը փոթորկող սղաճին, ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապին դէմ կատարեցին բողոքի ցոյց մը:
Անոնք բողոքի երթը սկսան ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնին դիմացէն, անցան Կեդրոնական դրամատան մօտէն եւ հասան Դրամատուներու միութեան կեդրոն, ապա տնտեսութեան նախարարութիւն եւ Նըժմէի հրապարակ` խորհրդարան:
Անոնք բարձրացուցին «Միասին` կազմելու համար փրկութեան եւ փոխանցման կառավարութիւն մը» կարգախօսը:
Ցուցարարները Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին դէմ արտայայտութիւններ գոռացին:
Ցուցարարներէն ոմանք խորհրդարանին ուղղութեամբ պայթուցիկներ եւ վառած փայտեր նետեցին:
Նշենք նաեւ, որ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ ընթացող բողոքի այս ցոյցին զուգահեռ տարբեր շրջաններու մէջ այլ ցուցարարներ դարձեալ սկսան փակել մայրուղիներ, ինչպէս` Փալմայի, Ժիէի, Շուէյֆաթի, Հալպայի, Թաալպայայի եւ այլ շրջաններու մէջ:



