Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Հարցով Աշխատանքային Խումբը Պիտի Քննարկէ Փոխադրամիջոցային Ենթակառոյցներու Հարցերը» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Փոխվարչապետը

January 29, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնային Ղարաբաղի հարցերով ստեղծուած եռակողմ աշխատանքային խումբը 30 յունուարին պիտի քննարկէ շրջանին մէջ փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու վերականգնման խնդիրները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:

«Քննարկման նիւթերը սահմանուած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի որդեգրած յայտարարութեան մէջ: Նախ` պիտի քննարկենք փոխադրամիջոցային ենթակառոյցներու զարգացման եւ վերականգնման խնդիրները», ըսած է ան:

Օվերչուք դժուարացած է նշել, թէ ի՛նչ յաճախականութեամբ տեղի պիտի ունենան փոխվարչապետներու մակարդակով հանդիպումները կամ արդեօք անոնք միշտ Մոսկուայի՞ մէջ տեղի պիտի ունենան:

«Առայժմ ոչինչ յստակ է, առաջին անգամ կը հանդիպինք: Թէ ինչպէ՛ս պիտի ընթանայ, ցոյց կու տայ ժամանակը», աւելցուցած է ան:

Յիշեցնենք, որ 11 յունուար 2021-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 4 ժամ տեւած հանդիպումը, որուն աւարտին որդեգրուեցաւ եռակողմ յայտարարութիւն մը, որ հիմնականին մէջ կը վերաբերէր 9 նոյեմբեր 2020-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտին` շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերը ապաշրջափակելու վերաբերեալ կէտի իրագործման:

 

 

Նախորդը

Պլինքըն Իրանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ուաշինկթընէն Առաջ Վերադառնալու Հիւլէական Համաձայնագիրին Նկատմամբ Յանձնառութեան

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Յարաբերութիւնները Թերեւս Աշխարհի Վրայ Կարեւորագոյնն Են» Կ՛ըսէ Պլինքըն

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.