Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Պիտի Ընդլայնէ Սուրիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Ծիրը` Հետագային Ներառելով Նաեւ Ռուսիոյ Քաղաքացիները

December 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու դեսպանորդ Ճոել Ռէյպըռն ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են ընդլայնել Սուրիոյ իշխանութիւններուն դէմ պատժամիջոցներու «Սիզըր» օրէնքը` ներառելով ոչ սուրիացիները: Այս մասին կը յայտնէ «Ալմաստարնիուզ» կայքը:

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ հերթական լսումներու ընթացքին Ռէյպըռն ըսած է. «Մենք պիտի ընդլայնենք պատժամիջոցներու ծիրը` հետագային ներառելով նաեւ ոչ սուրիացիները»:

Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը չէ բացառած, որ այս արարքին համաձայն, պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին նաեւ Ռուսիոյ քաղաքացիներուն վրայ: Ան շեշտած է, որ Ուաշինկթընի նպատակը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը արտաքին աջակցութենէ զրկելն է` համոզում յայտնելով, որ պատժամիջոցները պիտի ազդեն նաեւ արտասահմանեան կողմերու վրայ: Ասիկա նպատակ ունի կասեցնել Դամասկոսի հետ տնտեսական յարաբերութիւններու վերականգնման որեւէ փորձ:

«Մենք պէտք է շարունակենք ճնշում գործադրել Սուրիոյ իշխանութեան եւ անոր աջակիցներուն վրայ», ըսած է Ռէյպըռն:

Ինչ կը վերաբերի «Սիզըր» օրէնքի ծիրը 20 յունուարին` Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի երդման արարողութեան օրը, ընդլայնելու կարելիութեան, դեսպանորդը յայտնած է, որ մտադիր չէ «փակագիծերը բանալ»:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Սիզըր» օրէնքը որդեգրած էր դեկտեմբեր 2019-ին: Օրէնքը կը նախատեսէ պատժամիջոցներ հաստատել Սուրիոյ կառավարութեան սատարող անհատներու եւ կառոյցներու դէմ:

Նախորդը

«Ռուսիան Եւ Չինաստանը Սպառնալիք Են Ամերիկեան Տիեզերական Համակարգերուն Համար» Կ՛ըսէ Միացեալ Նահանգներու Ազգային Հետախուզութեան Ղեկավարը

Յաջորդը

Թել Աւիւի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը «Իսրայէլը Միջին Արեւելքը Աւելի Կ՛ապակայունացնէ, Քան Իրանը» Յայտարարութեան Համար Կանչուած Է Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.