Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օնթարիոյի Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Դատապարտեց Թուրք-Ազրպէյճանական Ռազմական Յարձակումները

October 23, 2020
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 21 հոկտեմբեր 2020-ին Օնթարիոյի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ մէկ ժամ տասնհինգ վայրկեան տեւողութեամբ քննարկում` նիւթ ունենալով Թուրք-ազրպէյճանական լայնածիր ռազմական յարձակումները Արցախի ու Հայաստանի վրայ: Օնթարիոյի խորհրդարանի երեք կուսակցութիւններուն անդամները խստօրէն դատապարտեցին Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ զոյգ կառավարութիւններուն անմարդկային ոճիրը Արցախի հայութեան դէմ: Իշխող կառավարութեան երեք նախարարները իրենց ելոյթին ընթացքին ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեցին այն, որ այսօրուան թուրք-ազրպէյճանական զինեալ յարձակումները երկրորդ ցեղասպանութիւն են Արցախի եւ հայ ժողովուրդին դէմ: Երեսփոխանները առանց բացառութեան կոչ ուղղեցին միջազգային հանրային կարծիքին եւ համայն աշխարհի պետութիւններուն` անմիջապէս դադրեցնելու պատերազմը, հրադադարի համաձայնութեան պահպանման կարեւորութիւնը շեշտելու եւ առիթ ընծայելու խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով խնդրի լուծման: Անոնք նաեւ պահանջեցին Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման արդար իրաւունքի յարգում: Երեսփոխանները իրենց խօսքերուն մէջ անդրադարձան վարձկաններու ներկայութեան երեւոյթին եւ թրքական բանակին գործօն մասնակցութեան` Ազրպէյճանի բանակին կողքին: Նշենք, որ երեսփոխանները նաեւ պահանջեցին կասեցնել Թուրքիոյ զէնքի մատակարարումը բոլոր պետութիւններէն:

Քանատայի Օնթարիօ նահանգի խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեան նշեց, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան պէտք է դատուին իբրեւ պատերազմի յանցագործներ, որոնք նաեւ կը կատարեն մարդկութեան դէմ ոճիրներ: Ան նաեւ յիշատակեց, որ Արցախ երբեւիցէ ազրպէյճանական տարածք չէ եղած եւ այդ շրջանը նուէր շնորհուած է Սթալինի կողմէ` Ազրպէյճանին:

Շատ մը երեսփոխաններ նաեւ անդրադարձան այն իրողութեան, որ Թուրքիա մինչեւ օրս կը մերժէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նշուեցաւ, որ Ազրպէյճան թիրախաւորած է անմեղները եւ ռմբակոծած անպաշտպան դպրոցներ, հիւանդանոցներ, եկեղեցիներ եւ մշակոյթի կեդրոններ: Այս վիճակի իբրեւ հետեւանք աւելի քան 90,000 արցախցիներ գաղթական դարձած են եւ ապաստանած Հայաստան, իսկ մնացեալ բնակչութիւնն ալ կ՛ապրի ապաստարաններու մէջ:

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ մինչ Հայաստան առիթ կու տայ միջազգային մամլոյ ներկայացուցիչներուն, որ ազատօրէն սփռեն եւ անդրադառնան պատերազմական կացութեան, Ազրպէյճան արգիլած է անոնց գործունէութիւնը եւ ընդհատած համացանցի կապերը:

Պէտք է նշել, որ այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր Օնթարիոյի խորհրդարանի Պահպանողական կուսակցութեան անդամներ` Փոլ Քալանտրայի, Ռոտ Ֆիլիփսի եւ Արիս Պապիկեանի կողմէ` համագործակցութեամբ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին: Արիս Պապիկեան խօսք առնելով պահանջեց Թուրքիան վտարել ՕԹԱՆ-էն, եւ դադրեցնել անոր անդամակցութիւնը տնտեսական G-20 Գագաթնայ համախմբուին:

Աւելի՛ն, ան պահանջեց նախագահներ Էրտողանն ու Ալիեւը ներկայացնել միջազգային դատական ատեան` որպէս պատերազմի յանցագործներ: Պապիկեան կոչ ուղղեց համաշխարհային ընտանիքին` չկրկնելու Անգլիոյ նախկին վարչապետներէն Չամպրլէնի սխալը, որով հաճոյ պահելով երրորդ Ռայխը Բ. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին, պատճառ դարձաւ մեծ աղէտին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ Թուրքիոյ Կոչ Ուղղեց` Օգտագործել Իր Ազդեցութիւնը Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիի Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու

Յաջորդը

Լիփփի Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ  Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ  Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Պըռնըմ Եւրոպական Միութեան Հետ Նոր Համաձայնագիրներու Կնքումէն Առաջ Մինչեւ Վերջին Պահ Բանակցութիւններ Կը Նախատեսէ

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.