Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Նախագահը` Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսելու Մասին. «Ռուսիան Այսօր Պէտք Է Խօսի Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հետ»

October 1, 2020
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի` Ռուսիան այս անգամ տագնապը դադրեցնելու համար պէտք է երկխօսութեան սկսի ոչ թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ: Այս մասին նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ 30 սեպտեմբերին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է երկխօսութիւն տեղի ունենայ հակամարտող կողմերուն  միջեւ, ինչպէս եղաւ Ապրիլեան պատերազմի օրերուն:

«Այն ժամանակ կը կռուէր Արցախը Ազրպէյճանին դէմ, եւ Ռուսիան ի վիճակի էր համոզելու Ազրպէյճանին եւ խնդրելու Հայաստանէն` զինադադարի առումով: Այսօր պէտք է խօսի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հետ, չեմ գիտեր` ինչքանո՞վ պատրաստ է ռուսական իշխանութիւնը` խօսելու Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ», ըսաւ Յարութիւնեան:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան շեշտեց, որ պատերազմը պիտի  աւարտի Ազրպէյճանի պարտութեամբ, իսկ հետեւանքները շատ ծանր պիտի ըլլան անոր համար:

Լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան անդրադարձաւ պատերազմի ընթացքին եւ զինուորական բարձր ոգիին: Նախագահ Յարութիւնեան ըսաւ. «…Որովհետեւ հերոսական ժողովուրդ, հերոսական երիտասարդութիւն ունինք, որոնք կեանքի գինով պատրաստ են պաշտպանելու հայրենի հողը:

Որովհետեւ ունինք 18 տարեկան երիտասարդ, որ արդէն իսկ յաջողած է խոցել հակառակորդին 9 զրահային մեքենայ եւ այսօր կը շարունակէ իր ծառայութիւնը մեր երկրին, մեր հայրենիքին:

Որովհետեւ արցախեան գոյապայքարին մասնակից ունինք, արցախեան առաջին պատերազմին մասնակից, ապրիլեան պատերազմին մասնակից, մեր մարտական ընկերները, որոնք երկու օրուան ընթացքին յաջողած են հակառակորդէն երեք պատերազմական մեքենայ գրաւել, ու այսօր օգտագործել` հակառակորդին դէմ:

Որովհետեւ ունինք հայրենակից մը, որ նռնակները վերցնելով նետուած է հակառակորդին` թշնամիին խրամատը, իր բոլոր կարելիութիւնները օգտագործած է, վնաս հասցուցած է հակառակորդին, եւ վերջը ինքզինք պայթեցուցած է թշնամիներուն հետ միասին:

Որովհետեւ ունինք հայրենակից մը, որ ժամերու ընթացքին ձգած է իր եւրոպական հաճելի կեանքը, իր մեծ ունեցուածքը, եւ այսօր առաջնագիծին վրայ է:

Որովհետեւ մենք այլ երկիրներէ վարձկաններ չենք փնտռեր, եւ նոյն այդ վարձկանները ժամանակի ընթացքին մեր գլուխին պատուհաս չենք դարձներ:

Եւ կ՛ուզեմ յայտարարել. Արցախը իր պատմութեան ընթացքին, երբեք չէ գրաւուած եւ երբե՛ք ալ պիտի չգրաւուի»:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Արցախի Դէմ Յարձակողական Գործողութեան Օդային Ղեկավարումը Ստանձնած Են Թուրքիոյ Ռազմաօդային Ուժերը. Հայկական Զօրքերը Հերոսաբար Ետ Կը Մղեն Թշնամիին Գրոհները

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին  Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին
Գլխաւոր լուրեր

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.