Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Սփիւռքի Բաբախող Սիրտն Է». Լիբանանահայութեան Օժանդակութեան Քանատայի Մարմինի Ատենապետ Նորայր Պէրպէրեան

June 9, 2020
| Newsletter, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 մայիսին, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յատուկ կոչով դիմեց քանատահայութեան ու յայտարարեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի կազմութիւնը:

28 մայիսին, սկիզբ առաւ նուիրահաւաքի արշաւը: Իր առաջին կոչին մէջ Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը կը նշէ. «Քանատահայութիւնը միշտ լիաբուռն օժանդակութիւն հասցուցած է հոն, ուրկէ եկած է տագնապի ձայնը` հայրենիքէն եկած ըլլայ ան թէ սփիւռքի որեւէ գաղութէ: Վստահ ենք, որ այս անգամ եւս, նո՛յն ոգիով զօրավիգ պիտի կանգնինք լիբանանահայութեան»:

Թորոնթոյի «նոր հայ հորիզոն» յայտագիրի հաղորդավար Խաժակ Գուլաճեան Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի ատենապետ Նորայր Պէրպէրեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին վերջինը նախ ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային, տնտեսական, դրամատնային, անգործութեան տագնապալի կացութիւնը, որ կը տիրէր «Քորոնա» ժահրի ծագումէն եւ անոր ստեղծած համաճարակէն աւելի առաջ` հոկտեմբեր 2019-էն: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծուած «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին մասին, որ օգնեց եւ կը շարունակէ օժանդակել բոլորին` առանց որեւէ խտրականութեան:

«Քանատան չէր կրնար ձեռնածալ մնալ այս կացութեան դիմաց, ուստի Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէն յառաջացուց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինը, որ կ՛ընդգրկէ Քանատայի բոլոր կոմիտէները, ուղեկից միութիւնները` Համազգային, ՀՕՄ, ՀՄԸՄ, ուսանողական միութիւնը, ՔԵՄ եւ պատանեկան միութիւնները: Այս յանձնախումբը Քանատայի տարածքին պիտի գործէ, որպէսզի կարենայ դրամահաւաք ընել` յօգուտ լիբանանահայութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել հետեւեալ կայքէջին ճամբով https://acc.akaraisin.com/Donation/Event/DonationInfo.aspx?seid=22523&mid=48

Նորայր Պէրպէրեան բացատրեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը չի գործեր ինչպէս Քանատայի մէջ, իսկ այդ օժանդակութեան պարտականութիւնը Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը իր ուսերուն առած է: «Քանատան միշտ պատնէշի վրայ եղած է, հասած է հոն, ուր կարիք ստեղծուած է: Չմոռնանք ըսելու, որ Լիբանանը սփիւռքահայութեան բաբախուն սիրտն է, ան միշտ հասած է հոն, ուրկէ կարիքի ահազանգ լսուած է` ըլլայ նիւթական, ըլլայ մարդուժով, ազատամարտիկներով եւ նահատակներով: Այնպէս որ, մենք չենք կրնար ականջ չտալ լիբանանահայութեան մեր կառոյցի կոչին, ուստի մեր փափաքն է, որ բոլորս հասնինք լիբանանահայութեան կարիքներուն, եւ քանատահայութիւնը մասնակից դառնայ այս նուիրահաւաքին», կոչ ուղղեց Լիբանանահայութեան օժանդակութեան Քանատայի մարմինի ատենապետը:

Նախորդը

Ճատրակ. Արոնեան 6 Մրցումով Սկսաւ «Clutch Chess International» Առցանց Մրցաշարքին

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ
Գաղութային

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Նախաձեռնած Հայ Գիրքի Փառատօնը Իր Շուրջ Համախմբեց Մեծաթիւ Ընթերցասէրներ Եւ Հրատարակչատուներ

October 26, 2026
Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով
Գաղութային

Գոհաբանական Սուրբ Պատարագ Ս. Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումին Առաջին Տարեդարձին Առիթով

October 26, 2026
«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ
Գաղութային

«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» Բանավէճի Ծրագիրի 2026-2027 Տարեշրջանի Մեկնարկը` Շուրջ 100 Հայ Աշակերտներու Մասնակցութեամբ

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.