Շաբաթ, 17 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարք մատուցեց գոհաբանական սուրբ պատարագ Ս. Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասումին առաջին տարեդարձին առիթով, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Այս առիթով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզեֆ Աունն ու վարչապետ Նաուաֆ Սալամը կը ներկայացնէր տեղեկատուութեան նախարար դոկտ. Փոլ Մըրքոս, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ներկայ էին` հոգեւոր առաջնորդներ եւ եպիսկոպոսներ, եկեղեցական ներկայացուցիչներ, ներկայ ու նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, զինուորական ու ապահովական մարմիններու ներկայացուցիչներ, լիբանանեան եւ հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնական, դիւանագիտական, քաղաքական ու հասարակական անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Սուրբ Աւետարանին ընթերցումէն ետք հոգեւոր տէրը տուաւ իր հայրապետական պատգամը, որուն մէջ յիշատակեց, թէ տարի մը առաջ Հռոմի մէջ Ընդհանրական եկեղեցւոյ իշխանութիւնը նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանը սուրբ հռչակեց, իսկ այդ պատարագը առիթ է համախմբուելու Տիրոջ սեղանին շուրջ` փառք եւ գոհութիւն մատուցանելու համար Աստուծոյ, որ այս հովիւին հաւատարմութիւնը վերածեց ժամանակի եւ տարածութեան սահմանները գերազանցող կենդանի վկայութեան:
«Սրբադասումը պարզապէս հերոսական առաքինութիւններով մարդու մը պատիւը չէ, այլ անոր կեանքին մէջ Աստուծոյ շնորհքին գործունէութեան ճանաչումն է եւ Եկեղեցիին ուղղուած կոչը` իր հաւատքին օրինակով վերանորոգուելու: Նահատակ սուրբը Եկեղեցիին պատմութեան մէջ չի մտներ անոր էջերը զարդարելու համար, այլ իր զաւակներուն կը յիշեցնէ, թէ Աւետարանը կարելի է ապրիլ, եւ թէ` սրբութիւնը Քրիստոսի հետ միութեան պտուղն է», շեշտեց պատրիարքը:
Դիտել տալով, որ Քրիստոս սիրոյ համար իր անձը նուիրեց աշխարհին, խաչը մահուան գործիքէն վերածեց փրկութեան աղբիւրին եւ յարութեամբ կեանքի յաղթանակը հաստատեց մեղքին ու մահուան դէմ, ան դիտել տուաւ, որ Ս. Մալոյեան քալեց միեւնոյն ուղիէն ու հալածանքին դէմ կանգնեցաւ հաւատքի հաստատութեամբ եւ խղճի ազատութեամբ, մերժեց ուրանալ Քրիստոսը` իր կեանքը փրկելու համար, որովհետեւ հասկցած էր, թէ ճշմարիտ կեանքը չի չափուիր անոր տարիներու թիւով, այլ Աստուծոյ հանդէպ խոր հաւատարմութեամբ:
«Նահատակին մեծութիւնը իր մահուան մէջ չէ, այլ` այն սիրոյն մէջ, որ իրեն հետ տարաւ մինչեւ մահը: Քրիստոսի վկայութեան համար թափուած արիւնը վրէժխնդրութիւն չի պահանջեր, այլ` կը յայտարարէ, թէ սէրը աւելի զօրաւոր է ատելութենէն:
«Ս. Իգնատիոս Մալոյեան հայ ժողովուրդին զաւակն է. ժողովուրդ մը, որ իր յիշողութեան մէջ կրեց Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան ցաւերը, սակայն չկորսնցուց իր հոգեւոր արմատները, ո՛չ ալ ապագայի հանդէպ իր յոյսը: Այսօր, երբ կը պատուենք մեր հաւատքին մեծագոյն վկաներէն մէկը, կը հաստատենք, թէ նահատակներուն հանդէպ հաւատարմութիւնը կը պահանջէ պահպանել պատմական ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը պահանջել եւ աշխատիլ, որպէսզի չկրկնուին այն ողբերգութիւնները, որոնք կը բռնաբարեն մարդուն արժանապատուութիւնն ու կեանքի եւ ազատութեան իրաւունքը: Այն յիշողութիւնը, որ դէպի արդարութիւն չի տանիր, կը մնայ վէրք, իսկ այն արդարութիւնը, որ խաղաղութեան ճամբայ չի բանար, կը մնայ անկատար:
«Ս. Մալոյեանի վկայութիւնը, որ թէեւ ծնունդ առաւ հայ ժողովուրդին տառապանքէն, դարձաւ Ընդհանրական եկեղեցւոյ ժառանգութիւնն ու առաքելութիւնը` ամէն մարդու, որ կը մերժէ իր խիղճն անիրաւութեան ենթարկել:
«Այս վկայութիւնը յատուկ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ մեր` հովիւներուս առջեւ: Ս. Մալոյեան եպիսկոպոսութիւնը չհասկցաւ իբրեւ իրեն առանձնաշնորհում պարգեւող պատիւ, այլ` իբրեւ առաքելութիւն, որ զինք կը պարտաւորեցնէր հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին եւ իրեն յանձնուած ժողովուրդին», իր քարոզին մէջ ըսաւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարք:
Ապա ան խօսեցաւ Լիբանանի մասին, որ ընդունեց հայ ժողովուրդին զաւակները, եւ ուր անոնք տուն եւ ապահովութիւն գտան ու անկեղծութեամբ իրենց ներդրումը բերին անոր վերելքին ու ազգային կեանքին, դիմեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին` ըսելով. «Անոր դիրքն ու պաշտօնը կը նկատենք հայրենիքին միութեան եւ անոր հաստատութիւններու կանոնաւոր գործունէութեան երաշխիքը. կը ձգտինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, ուր պիտի պաշտպանուին բոլոր լիբանանցիներուն իրաւունքները, պիտի ամրապնդուին արդարութիւնն ու հաւասարութիւնը, ինչպէս ալ պետութիւնը պիտի վերագտնէ իր զաւակներուն վստահութիւնը: Մեր հաւատացած Լիբանանը արդար պետութեան Լիբանանն է, ուր ոչ մէկ քաղաքացի կ՛անտեսուի, ոչ մէկ համայնքին իրաւունքները կը նուազին, եւ ուր դաւանական պատկանելիութիւնը արգելք չի հանդիսանար արդիւնաբերութեան ու հայրենիքին ծառայութեան»:
Պատրիարք-կաթողիկոսը ողջոյնի խօսք յղեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսսային` գնահատելով Լիբանանին աջակցելու եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անոր ջանքերը, յուսալով, որ անոր նախաձեռնութիւնները պսակուին խաղաղութեամբ ու կայունութեամբ:
Ան յոյս յայտնեց, որ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութեամբ արդարութիւնը իրականանայ, վերանան անիրաւութեան ու անտեսումի բոլոր ձեւերը, եւ իւրաքանչիւր իրաւատէր ստանայ իր իրաւունքը, որովհետեւ իր բոլոր զաւակներուն հանդէպ արդար եղող հայրենիքը միայն կրնայ իր միութեամբ զօրաւոր եւ իր բազմազանութեամբ հարուստ ըլլալ:
«Մենք այս հայրենիքին մէջ գործընկերներ ենք, անոր վերելքին համար պատասխանատու ենք եւ պատրաստ ենք ամբողջ անկեղծութեամբ ծառայելու անոր», շեշտեց ան:
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիարք խօսքը երիտասարդներուն ուղղելով` յորդորեց չարտօնել, որ յուսախաբութիւնը խլէ անոնց երազները, իսկ ներկայի դժուարութիւնները անոնց ապագային վրայ վերջնական վճիռ չունենան: Արդարեւ, Եկեղեցին երիտասարդներուն ուժերուն եւ ստեղծագործութեան կարիքն ունի, իսկ մեր հայրենիքը` անոնց ներկայութեան ու նախաձեռնութիւններուն:
«Դուք կոչուած էք ըլլալու այն սերունդը, որ լոկ աւելի լաւ աշխարհի մը պահանջով չի բաւարարուիր, այլ նաեւ ունի բարոյական քաջութիւնը` իր բաժինը բերելու այդ աշխարհին վերակառուցման:
«Սիրելինե՛ր, այս օրհնեալ յիշատակին առիթով կը խորհրդածենք հողին մէջ ինկած եւ պտուղ տուած ցորենի հատիկին մասին: Մալոյեան նահատակը ինկաւ, սակայն անոր վկայութիւնը չթաղուեցաւ անոր հետ. Ընդհակառակն, ան հաւատք եւ յոյս սերմանեց սերունդներուն մէջ, որոնք զայն չէին ճանչցած», ըսաւ ան: Պատրիարք-կաթողիկոսը աղօթք բարձրացուց Ընդհանրական եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին` հայրենիքին ու սփիւռքին մէջ, Լիբանանի եւ Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն համար, որպէսզի Աստուած անոնց շնորհէ խաղաղութեան ու արդարութեան շնորհքը եւ զանոնք առաջնորդէ ապագայի մը, որ պահէ մարդկային արժանապատուութիւնը: Նաեւ աղօթեց Լեւոն ԺԴ. պապին համար` խնդրելով աստուածային նախախնամութենէն, որ Իր շնորհքով զայն հովանիին ներքեւ առնէ, եւ անոր վրայ սփռէ առատ առողջութիւն ու բարօրութիւն:
«Մենք կը խնդրենք նաեւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանէն, որ Տիրոջ առջեւ բարեխօսէ մեզի համար, որպէսզի հաւատարիմ ըլլանք Աւետարանին, քաջ` ճշմարտութեան մէջ, խոնարհ` ծառայութեան մէջ ու հաստատուն` յոյսին մէջ», ըսաւ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. պատրիրաք` եզրափակելով իր պատգամը:
* * *
Հանդիսաւոր ս. պատարագի աւարտին հոգեւոր տէրը պատուեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսսան` անոր շնորհելով Ս. Մալոյեանի մետալը, գնահատելով անոր դիրքն ու դերը, ինչպէս նաեւ պատուեց Լիբանանի մաքսատան գլխաւոր տնօրէնը Կրասիա Քազզին` իբրեւ գնահատանք եւ յարգանք անոր գործունէութեան համար:


