Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Ընդգծեց Խաղաղ Ցոյցեր Կատարելու Իրաւունքը Եւ Նշանակումները Յետաձգեց Յառաջիկայ Շաբթուան

June 3, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որմէ ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը հետապնդեց ուժանիւթի նախարարութեան կողմէ Պըսրիի ամբարտակին աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները եւ կոչ ուղղեց բոլոր անոնց, յատկապէս քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն, որոնք այս հարցով առաջարկ ունին, ներկայանալու տեղեկատուութեան նախարարութեան կազմակերպած խորհրդակցական հանդիպումին:

Ապտել Սամատ ըսաւ, թէ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ հաստատած է, որ շուկային մէջ պիտի ճշդուի սննդեղէնի շուրջ 30 տեսակ, որոնք մատչելի սակերով պիտի ըլլան:

«Ան աւելցուց նաեւ, որ լումայափոխները այսօր պիտի վերսկսին աշխատանքի` վերջ տալով իրենց գործադուլին», դիտել տուաւ Ապտել Սամատ:

Տեղեկատուութեան նախարարը ընդգծեց խաղաղ ցոյցեր կատարելու իրաւունքը:

«Ցոյցեր կատարելը իրաւունք է, սակայն մեր մաղթանքն է նաեւ, որ անոնք կատարուին օրէնքի համաձայն, որպէսզի ո՛չ ժողովուրդը վնասուի, եւ ո՛չ ալ ապահովութեան ուժերը», յայտնեց ան:

Ապտել Սամատ նշեց նաեւ, որ նշանակումները յետաձգուած են յառաջիկայ շաբթուան:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի նիստէն ետք յայտնեց, որ ինքնաշարժներուն զոյգ եւ անզոյգ թիւերով երթեւեկելու օրէնքին գործադրութիւնը պիտի շարունակուի` աւելցնելով, որ այդ օրէնքը կառավարութեան որոշումով պարտադրուած է:

Անդրադառնալով ցոյցերուն` Ֆահմի յայտնեց, որ խաղաղ ցոյցը արտօնելի է, սակայն ընդվզումներ յառաջացնելն ու ճամբաները փակելը արգիլուած են: «Եթէ ժողովրդային շարժումի ցոյցերը խաղաղ են, ապա դուք զիս այդ ցոյցերուն առաջնագիծին վրայ պիտի գտնէք», ըսաւ ան:

Ֆահմի նշեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը իր նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ շաբաթավերջին` քննարկելու համար ընդհանուր զօրաշարժը:

Ներքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ կարմիր մոմով փակուած 90 լումայափոխներուն վաճառատուները այսօր իրենց դռները պիտի վերաբանան:

Վարչապետ Տիապ ընդունեց նաեւ վառելանիւթի կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքսի:

Հանդիպումէն ետք Պրաքս յայտարարեց, որ վառելանիւթի տագնապ չկայ` հաստատելով, որ այսօրուընէ սկսեալ վառելանիւթի բաշխումը պիտի բարելաւուի:

 

Նախորդը

Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդը Այցելեց Նախագահ Աունի Եւ Վարչապետ Տիապի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Կը Նախագահէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Վերաբերող Նիստի Մը

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.