Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Պէտք Է Բարելաւել Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւնները»

May 14, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որ նուիրուած էր Հըզպալլայի պատասխանատուներէն սէյիտ Մուսթաֆա Պատրէտտինի նահատակութեան Ա. տարելիցին:

Ան նշեց, որ Պատրէտտին քաջ էր եւ բարձր տրամադրութեան տէր, ինչ որ զինք մղած էր տոկալու, դիմանալու, մտածելու, որոշումներ տալու եւ աշխատանքը շարունակելու:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ապօրինի անցքերուն` հաստատելով, որ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, թէ մաքսանենգում կայ ապօրինի այդ անցքերէն, որոնք կը գտնուին Լիբանան-Սուրիա սահմանի ամբողջ երկայնքին:

«Այս իմաստով բոլոր ձայները կը բարձրանան Լիբանան-Սուրիա կատարուող մաքսանենգումը կասեցնելու կարեւորութեան ուղղութեամբ: Անշուշտ մենք չենք ակնարկեր Լիբանանէն Սուրիա մեկնող Դիմադրութեան մարտիկներուն ու փոխադրուող զէնքին, որովհետեւ անիկա առանձին նիւթ է: Դէպի Սուրիա մաքսանենգումը կասեցնելու իմաստով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները, կառավարութիւնը եւ լիբանանցիները պէտք է իմանան, որ այս հարցը առանձինն կարելի չէ լուծել, այլ` պէտք է Սուրիոյ հետ գործակցաբար կատարել այս մէկը: Այսինքն` լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն, բանակներուն եւ երկու երկիրներուն ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւն պէտք է ըլլայ: Այլապէս Լիբանանի կառավարութիւնը, լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը առանձինն չեն կրնար լուծել այս հարցը: Իսկ «եթէ Լիբանանի պետութիւնը անկարող է այս հարցը լուծել, ապա այդ հարցը պէտք է վստահիլ ՄԱԿ-ին» արտայայտութիւնը ունեցողներուն հարց կու տանք. ի՞նչ ՄԱԿ-ի մասին է խօսքը: Այդ արտայայտութիւնները ուղղակիօրէն կ՛անդրադառնան 2006-ին Լիբանանի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան-ամերիկեան պատերազմին նպատակներէն մէկուն: Նպատակ մը, որուն յաջողութիւնը կարելի չեղաւ ապահովել Լիբանանին դէմ մղուած յուլիսեան պատերազմին ընթացքին: Օրին միջազգային ամբողջ ճնշումը այն էր, որ այս նպատակը իրագործուի, իսկ նպատակն էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմաններուն վրայ միջազգային ուժեր տեղակայել: Այս մէկը բացարձակապէս մերժելի է, եւ ոչ մէկ կապ ունի տնտեսութեան հետ: Այդ անցքերուն հարցը լուծելու տրամաբանական եւ իմաստուն ձեւերէն մէկը լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւններուն բարելաւումն է, որուն իբրեւ արդիւնք կը բացուին սահմաններն ու անցքերը, եւ Լիբանան կարելիութիւն կ՛ունենայ իր ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան մարզի արտադրութիւնները արտածել, համաձայնիլ մաքսանենգումի կասեցման շուրջ: Կը հաստատենք, որ Սուրիա պատրաստ է այս իմաստով Լիբանանին հետ գործակցելու: Լիբանան-Սուրիա երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու նախաքայլի յետաձգումը կամ արգելակումը կամ յապաղումը լիբանանեան կողմէ կը կատարուի», շեշտեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ եթէ Լիբանան պիտի շարունակէ կարգ մը մթնոլորտներ նկատի ունենալ եւ պահել, ապա ան պիտի ուղղուի դէպի քայքայում, քանդում, սով եւ լիբանանցիներուն մեծամասնութեան աղքատութիւն:

Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդին շահերուն մասին մտածողը պէտք է միջազգային եւ շրջանային հանգամանքները շրջանցէ, որովհետեւ անոնք լիբանանցիներուն հաց չեն կրնար ապահովել: «Պէտք է ատելութիւններն ու ոխերը շրջանցել», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Ընդգծեց Ազատ Տնտեսութեան Իր Կառչածութիւնը Եւ Հաստատեց Ուժանիւթի Նախարարութեան Մէջ Նոր Նուազուրդներ Կատարելու Ու Յանցագործները Պատժելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Որոշեց Ապօրինի Անցքերը Փակել Եւ Օրինազանցներուն Վրայ Օրէնքը Գործադրել

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.