Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Օժանդակութիւններ Բաժնել Բոլոր Անոնց, Որոնք Աշխատանքէ Դադրեցան, Իսկ Նախարարները 100 Միլիոն Լ. Ոսկի Նուիրեցին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարելու Համար Ստեղծուած Յատուկ Հաշիւին

March 20, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստին ընթացքին նախարարները օգտագործեցին ձեռնոցներ եւ դիմակներ, ինչպէս նաեւ յարգեցին իրարմէ մէկուկէս մեթր հեռու նստելու պարտաւորութիւնը, իբրեւ նախազգուշութիւն` «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու:

Կառավարութիւնը քննարկեց 11 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որ կ՛ընդգրկէր դրամատնային արտակարգ եւ ժամանակաւոր քայլերու դիմել, ինչպէս` «Քեփիթըլ քոնթրոլ», ելեկտրականութեան հարց, լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 4-րդ նաւթահորի պեղման վերաբերող մանրամասնութիւններ, տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակի կայունացման ծրագիրներու քննարկում, ինչպէս նաեւ անմիջական որոշումներու կարիքը ունեցող հրատապ հարցեր:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Տիապ ընդգծեց կառավարութեան կողմէ առարկայական քննարկումը շարունակելու կարեւորութիւնը, յատկապէս այս փուլին, երբ կառավարութիւնը ստանձնած է Լիբանանի պատմութեան ամէնէն դժուար ժամանակաշրջանին պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ կը դիմագրաւէ արտակարգ տագնապներ, որոնց դիմակայումին համար պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլալ եւ ամէն ջանք ի գործ դնել գոյատեւելու համար:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է արագօրէն մշակել օրինագիծ մը, որ դրամատնային արտակարգ գործառնութեանց եւ ծառայութիւններու առիթ կ՛ընծայէ:

«Վարչապետը հաստատեց, որ կարելի չէ մշակել օրէնք մը, որ բոլորը գոհ կը պահէ, եւ անպայման ոմանք պիտի տուժեն, ինչպէս նաեւ վնասներ պիտի արձանագրուին, սակայն ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք` նուազագոյն վնասներով դուրս գալու», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ան նշեց նաեւ, որ վարչապետը անդրադարձած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 4-րդ նաւթահորի պեղման աշխատանքներուն` մաղթելով, որ այդ աշխատանքին արդիւնքները դրական արդիւնքներ ունենան:

Տեղեկատուութեան նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ վարչապետը հաստատած է ելեկտրականութեան հարցը լուծելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ դնել պետական գանձարկղի արձանագրած նիւթական վնասներուն:

Ան նշեց, որ վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ «Քորոնա» ժահրի տարածումին` շեշտելով, որ այս փուլը շատ դժուար ու բարդ է, եւ անիկա կարելի պիտի ըլլայ անցընել ազգային եւ մարդկային կեցուածքներով:

Ապա առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը, նախարարութեան կողմէ պետական եւ սեփական հիւանդանոցներուն հետ գործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ:

Ապտել Սամատ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց օժանդակութիւններ բաժնել բոլոր անոնց, որոնք աշխատանքէ դադրեցան: «Իսկ նախարարները 100 միլիոն լ. ոսկի նուիրեցին «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար ստեղծուած յատուկ հաշիւին:

«Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի որոշում տալու մասին հարցումի մը պատասխանելով? Ապտել Սամատ յայտնեց, որ այդ հարցին մասին նախարարները կառավարութեան յառաջիկայ երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին առաջարկներով պիտի ներկայանան, իսկ հինգշաբթի օրուան նիստին ընթացքին կը նախատեսուի այդ իմաստով վերջնական որոշումի մը յանգիլ:

Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ դժբախտաբար այն լաւատեսութիւնը, որուն մասին խօսեցանք եւ պահանջեցինք, որ անիկա պատասխանատու վարուելակերպով ընկալուի, ժողովուրդին կողմէ շահագործուեցաւ, եւ անոնք դարձեալ սկսան դուրս գալ իրենց բնակարաններէն, «հետեւաբար ապահովութեան ուժերէն պահանջեցի խիստ վարուիլ իրենց բնակարաններէն դուրս գտնուող քաղաքացիներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէն բան հակակշիռի տակ պահել», ըսաւ ան:

Հասան նշեց, որ կարելի եղած է ախտաճանաչումը կատարել «Քորոնա» ժահրով վարակուած 6 պարագաներու, որոնց վարակումի աղբիւրը կարելի չէ եղած ճշդել: «Ասիկա կը նշանակէ, թէ այդ վարակումները հանրութեան հետ շփումի ընթացքին արձանագրուած են, ինչ որ վարակումներու բազմացումի հաւանականութեան վտանգը կ՛աւելցնէ», ըսաւ Հասան:

Ան հաստատեց, որ ինք առաջին անգամ ըլլալով է, որ դիմակ կը գործածէ, որովհետեւ վարակուելու հաւանականութիւնը արդէն մեծ է:

 

 

 

Նախորդը

Ամեր Ֆախուրի Հասաւ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 152-ի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.