Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէոնարտօ Տա Վինչի. Հանճար Մը

August 24, 2019
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ան ոչ միայն հանճարեղ արուեստագէտ մըն էր, գծանկարիչ եւ քանդակագործ, այլ նաեւ` ճարտարագէտ, ճարտարապետ եւ գիւտարար: 15-րդ դարու կէսերուն է, որ այս արտասովոր անձը կը յայտնուի արուեստի աշխարհին մէջ: Այս տարի աշխարհը կը տօնէ անոր մահուան 500-ամեակը:

Լէոնարտօ տա Վինչի կը ծնի 15 ապրիլ 1452-ին,  Իտալիոյ Թոսքանա շրջանի փոքրիկ Վինչի քաղաքին մէջ:

Ան իր մանկութիւնը կ՛անցընէ իր հօրը` Փիերօ տա Վինչիի տան մէջ: Հայրը նոտար էր. ան կը պատրաստէր, կը շարադրէր եւ կ՛արձանագրէր պաշտօնական թուղթեր: Անոր մայրը` Քաթերինա, գիւղացիի աղջիկ մըն է: Շատ փոքր տարիքէն հետաքրքիր Լէոնարտօ կ՛ուսումնասիրէ իր շրջապատը եւ անդադար կը գծէ:

14 տարեկանին ան կը լքէ իր ընտանիքը եւ կ՛երթայ Ֆլորանս քաղաքը` հոն գեղանկարչութիւն սորվելու համար: Ան կը յաճախէ նշանաւոր արուեստագէտ Վերոքքիոյի աշխատանոց, որ Լէոնարտոյի կը սորվեցնէ գեղանկարչութիւն եւ քանդակագործութիւն:

Լէոնարտօ հոն կը տիրապետէ գեղանկարչութեան բոլոր գաղտնիքներուն:

Ան իր ուսուցիչին աշխատանոցին մէջ կը մնայ մինչեւ 26 տարեկան: Ան գեղանկարիչ մըն է: Դուն հաւանաբար ծանօթ ես անոր նշանաւոր «Մոնալիզա»-ի դիմանկարին: Ան արտադրած է նաեւ տասնեակ մը ուրիշ նշանաւոր գեղանկարներ, ինչպէս` «Վերջին ընթրիքը», որ կը գտնուի Միլանոյի Սանթա Մարիա Տելլէ Կրազիէ վանքին ճաշասրահի պատին վրայ: Սակայն հետաքրքիր Լէոնարտօ չի բաւարարուիր գեղանկարչութեամբ: Կ՛ուզէ գիտնալ ամէն ինչ աշխարհին եւ անջրպետին մասին: Ան կը հետաքրքրուի` աստղագիտութեամբ, երկրաբանութեամբ, մեքենագիտութեամբ, բուսաբանութեամբ: Ան բազմաթիւ գիւտերու հեղինակ կը դառնայ: Ան կը հնարէ ուղղաթիռը, սուզանաւը, եւ նոյնիսկ հրասայլը: Ան նոյնիսկ կ՛ուսումնասիրէ մարդկային մարմինը: Ան իր բոլոր այս գիւտերը մանրամասնօրէն նկարագրած է արձանագրած իր նոթատետրերուն մէջ, որոնք պիտի յայտնաբերուէին 19-րդ դարուն: Շատերը զայն հանճար կը համարեն:

1515 թուականին Ֆրանսայի Ֆրանսուա Ա. զայն Ֆրանսա կը հրաւիրէ` աշխատելու իր պալատին մէջ. Լէոնարտօ կը հաստատուի Քլօ-Լիւսէ պալատին մէջ: Լէոնատրօ այս վայրին մէջ կ՛անցընէ իր կեանքին վերջին օրերը: Ան կը մահանայ 2 մայիս 1519-ին:

Գիտէի՞ր, Թէ…

… Լէոնարտo տա Վինչի իր նոթերը կը գրէր հակառակ ուղղութեամբ: Այս «գաղտնի գրութիւնները» կը կարդացուին զանոնք հայելիի մը առջեւ բռնելով: Տա Վինչի մեզի ձգած է աւելի քան 6000 գրութիւն` իր հնարած մեքենաներուն, բնութեան եւ մարդկային մարմնի ուսումնասիրութիւններու մասին:

Ո՞վ Է Իսկապէս Ժոքոնտը

Ան աշխարհի ամէնէն շատ այցելու ունեցող գեղանկարն է. ամէն տարի մօտաւորապէս 7 միլիոն անձեր կը շրջին Փարիզի Լուվր թանգարանին անցքերուն մէջ` գտնուելու համար Ժոքոնտի ներկայութեան: Այս գեղանկարը դիւթող ուժ մը ունի, սակայն ան նոյն ատեն մեծ հանելուկ մըն է: Ո՞վ եղած է անոր բնորդը, երբ Լէոնարտօ տա Վինչի զայն նկարած է հինգ դար առաջ:

***

Տա Վինչիի կողմէ 1503-ի եւ 1506-ի միջեւ նկարուած այս դիմանկարը միշտ կախարդական ազդեցութիւն ունեցած է : 77 սմ բարձրութեամբ եւ 53 սմ լայնքով փայտի կտորի մը վրայ նկարուած այս դիմանկարը այնքան լաւ ներկայացուած է, որ ան կը համարուի «կատարեալ դիմանկարը»: Սակայն ան յատկապէս մեծ հանելուկ մըն է. ո՞վ է այս կինը, որ նստած է մշուշոտ եւ բլուրներով տեսարանի մը առջեւ եւ մեզի կը ժպտի խորհրդաւոր ժպիտով մը: Անոր նայուածքն ալ մտածել կու տայ. անկախ մեր կեցած տեղէն, կարծէք ան մեզի կը հետեւի: Կարծէք Ժոքոնտը մեզ կ՛ուսումնասիրէ:

Սակայն ո՞վ է այս կինը: Հինգ դարերէ ի վեր ոչ մէկ մասնագէտ կրցած է հաստատօրէն պատասխանել այս հարցումին: Կ՛ենթադրուի, թէ ան կը կոչուէր Լիզա Կերատինի կամ «Մոնա Լիզա» եւ ամուսնացած էր Ֆրանչեսքօ տել Ճիոքոնտիի հետ, որ Իտալիոյ Ֆլորանս քաղաքի մէջ կերպասի վաճառական էր: Սակայն մենք վերջնական փաստեր չունինք:

Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1-97` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել լողազգեստին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել կերպարին համապատասխանող շուքը:

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` գտնելով իւրաքանչիւր թիւի համապատասխանող տեղը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1969)

Յաջորդը

Վահագն Գրիգորեանի Ժամանակի Գետը

RelatedPosts

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.