Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական Կառոյցներու Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Գործերու Ընդհանուր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Հետ

July 26, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 յուլիսին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ:

Հանդիպումը կազմակերպուած էր սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատուիրակութիւնը կազմուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Քանատայի, Լիբանանի, Իրանի եւ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու ներկայացուցիչներէ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի տնօրէն Արշակ Մեսրոպեանը ողջունելով ներկաները, ներկայացուց գրասենեակին ունեցած դերակատարութիւնը աշխարհասփիւռ երիտասարդական, ուսանողական եւ պատանեկան միութիւններու աշխատանքներու համակարգման եւ համադրման գործին մէջ:

Միութիւններու ներկայացուցիչները առիթ ունեցան ներկայացնելու իրենց կողմէ իրականացուող աշխատանքները` մանրամասն անդրադարձ կատարելով ամէն տարի Հայաստանի եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ իրականացուող ճամբարներուն, որոնց կը մասնակցին հազարաւոր պատանիներ:

Իր խօսքին մէջ սփիւռքի գործերու ընդհանուր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան ողջունեց ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները իրենց շրջաններուն եւ հայրենիքին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն համար` ընդգծելով, որ անոնք մեծ կարեւորութիւն ունին ինչպէս սփիւռքի հայ համայնքներու կեանքի աշխուժացման, նոյնպէս ալ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Արշակ Մեսրոպեան ընդգծեց սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ աշխուժութեան դրսեւորման կարեւորութիւնը` յատկապէս սփիւռքի այն շրջաններուն մէջ, ուր տակաւին կը բացակային ձեւաւորուած եւ կազմակերպուած հայ համայնքները:

Զարեհ Սինանեան վերահաստատեց սփիւռքի գործերու յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդումը, նշեց, որ գրասենեակին վերջնական նպատակը հայրենադարձութեան ապահովումն է եւ բոլոր հայերուն հայրենիքի մէջ վերահաստատումը:

Կողմերը ընդգծեցին նման հանդիպումներու կարեւորութիւնը` հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ սերտ համագործակցութեան, աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման համար:

 

 

Նախորդը

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Հայաստան Պէտք Է Դառնայ Ամերիկայի Ռազմավարական Գործընկերը» Կ՛ըսէ Փալոն

Յաջորդը

«Բարեփոխումները Պէտք Է Ըլլան Սահմանադրութեան Եւ Գործող Օրէնքներու Շրջանակներուն Մէջ» Կ՛ըսէ Լիլիթ Գալստեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.