Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Հայաստան Պէտք Է Դառնայ Ամերիկայի Ռազմավարական Գործընկերը» Կ՛ըսէ Փալոն

Յուլիս 26, 2019
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման նոր կարելիութիւններ բացած է, արդէն` ռազմավարական մակարդակով», «Ամերիկայի Ձայն»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի` Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահ, քոնկրեսական Ֆրանք Փալոն: Այս մասին կը հաղորդէ մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»:

Քոնկրեսականը հեղինակած է հայ-ամերիկեան ռազմավարական համագործակցութեան մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւն մը, որ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուելու պարագային պիտի խրախուսէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանը նկատելու ռազմավարական դաշնակից:

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար է. այնտեղ կ՛իշխէ օրէնքի գերակայութիւն, կը խրախուսուի ազատ շուկայի ձեւաւորումը: Ուստի, ասիկա կարելիութիւն է մեր երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան նոր հարթակ ստեղծելու, ո՛չ միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու, այլ նաեւ` տնտեսական առումով, առեւտուրի ոլորտներուն մէջ», կը յայտնէ ան:

Համագործակցութեան այլ ոլորտ մը` Հայաստանի մէջ խորհրդարանական մշակոյթի ձեւաւորման գծով Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնն է: Քոնկրեսական Փալոն, որ առաջին անգամ Հայաստան այցելած էր Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք, իրեն հետ բերելով այդ օրերուն անհրաժեշտ ամերիկեան օժանդակութիւն, իսկ վերջին անգամ Հայաստան էր ժողովրդային շարժումէն ամիսներ առաջ` Ամերիկայի Քոնկրեսի պատուիրակութեան կազմին մէջ, այժմ կը նշէ, որ Քոնկրեսի` Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը կը նախատեսէ 2019-ին հայ եւ ամերիկացի օրէնսդիրներու փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպել:

Ժողովրդավարական արժէքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը յարգող Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն գործընկեր է, կը նշէ Ֆրանք Փալոն: Քոնկրեսականին համաձայն, հայերուն ժողովրդավարական արժէքներէն չեն կրնար ետ պահել նոյնիսկ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ զօրքերը:

«Արեւմուտքի մէջ կայ այն համոզումը, թէ որովհետեւ Հայաստանի մէջ ռուսական զինուորական խարիսխ եւ ռուսական զօրքեր գոյութիւն ունին, երկիրը ամբողջովին Ռուսիոյ ուղեծիրին մէջ է: Ես ատոր չեմ հաւատար, եւ մենք` Քոնկրեսին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներս, իրականութեան մէջ կը հասկնանք, որ Հայաստանը Ռուսիայէն կախեալ է` Թուրքիոյ կողմէ հաւանական ներխուժման կամ Ազրպէյճանի հետ հաւանական պատերազմի պարագային ինքնապաշտպանութեան համար», կը յայտնէ ան:

Նախորդը

Պաքու. «Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակը Կրնայ Սերտուիլ Միայն Հայ Եւ Ազրպէյճանական Համայնքներուն Կողմէ, Երբ Վերջինս Վերադառնայ Իր Տուն»

Յաջորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Կառոյցներու Պատասխանատուները Հանդիպում Ունեցած Են Սփիւռքի Գործերու Ընդհանուր Յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի Հետ

RelatedPosts

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?