Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովը Դատական Բարեփոխումներուն Առնչութեամբ Կարծիք Պիտի Ներկայացնէ, Երբ Պատրաստ Ըլլան Հայաստանի Դատական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւնները

July 17, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վենետիկի յանձնաժողովը բեղմնաւոր գնահատած է Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ աշխատանքը եւ դատական բարեփոխումներուն առնչութեամբ կարծիք պիտի ներկայացնէ, երբ պատրաստ ըլլան Հայաստանի դատական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները: Այս մասին նշուած է յանձնաժողովի հրապարակած յայտարարութեան մէջ:

«Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ արգասաբեր համագործակցութեան շրջագիծին մէջ, յատկապէս դատական բարեփոխումներուն հետ կապուած, 2 յուլիս 2019-ին Հայաստանի  արդարադատութեան նախարարին եւ Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի հետ հանդիպումէն ետք, նախարարը յայտարարած է, թէ կ՛ակնկալէ յանձնաժողովի կարծիքը Դատական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններու նախագիծին առնչութեամբ, փոփոխութիւններ, որոնք կը նախապատրաստուին Եւրոպական խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւններով», նշուած է Վենետիկի յանձնաժողովի յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Բադասեան այցելած է Սթրազպուրկ 1-2 յուլիսին, հանդիպումներ ունեցած Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր  քարտուղար Թիորպիոռն Եակլանտի, Եւրոպական խորհուրդի Իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերով ընդհանուր տնօրէն Քրիստոս Ճիաքումոփուլոսի, Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուկիկիոյի եւ Եւրոպական խորհուրդի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին նախարարը գործընկերներուն ներկայացուցած է նաեւ դատաիրաւական ոլորտին մէջ կառավարութեան մօտեցումները, կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ առաջնահերթութիւնները, լուծման հաւանական ուղիները, որոնք հաւանութեան արժանացած են բոլոր գործընկերներուն կողմէ: Աւելի՛ն. գործընկերներուն ներկայացուած է նաեւ, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը պիտի չսահմանափակուի միայն կարճաժամկէտ փոփոխութիւններով. ներկայիս մշակման փուլի մէջ կը գտնուին աւելի  համապարփակ եւ երկարաժամկէտ բարեփոխումներուն միտուած եւ տրամաբանական կապի մէջ գտնուող 2 կարեւոր ռազմավարական փաստաթուղթեր` միտուած դատաիրաւական համակարգի բարեփոխման եւ փտածութեան դէմ հաստատութենական պայքարին: Քաղաքականութեան այս համապարփակ փաստաթուղթերը յառաջիկային պիտի ամփոփուին եւ ներկայացուին աւելի լայն հանրային քննարկման:

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Հաստատուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան Մշակման Միջնախարարական Յանձնախումբի Կազմը

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.