Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կառավարական Նիստեր Առկախելու Կամ Գումարելու Աւանդութիւնը

July 10, 2019
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի պատահարի տարողութիւնը ակնկալելիօրէն մագլցում արձանագրած է եւ վերածուած քաղաքական ճգնաժամի: Ճգնաժամ` լիբանանեան պետութեան համար կ՛ենթադրէ անդամալուծման գործընթաց կամ այս պարագային գործադիր իշխանութեան ժողովականութեան առկախում:

Քաղաքական ճգնաժամներու պարագային ընդհանրապէս արտակարգ իրավիճակներու ստեղծման զուգահեռ-համաքայլ` պետական -իրաւապահ մարմինները կամ այս պարագային կառավարութիւնը կը գումարէ արտահերթ նիստ` կանխարգիլելու համար հետագայ որեւէ վտանգաւոր զարգացում:

Լիբանանեան իրավիճակը յատուկ է. պայթունավտանգ նոր իրավիճակներէ խուսափելու համար կառավարութիւնը կ՛առկախէ իր գումարման նիստը եւ կը սկսի աշխատիլ քուլիսային եւ տեսախցիկային մեթոտներով միջնորդական առաքելութեամբ լարուած իրավիճակը լիցքաթափելու եւ քաղաքական կեանքը բնականոն հուն վերադարձնելու առաջադրանքով:

Այս բոլորին զուգահեռ թէ՛ վերալարուածութիւն ստեղծող դրսեւորումները, թէ՛ հանդարտեցման կոչերը  զուգահեռ կ՛ընթանան անգամ մը եւս հազիւ լաւատեսութեամբ վարակուած լիբանանցիին մօտ վերստեղծելով անորոշութեան մտահոգութիւնը երկրին ապագային նկատմամբ:

Վարկանիշ բարձրացնելու նպատակէն մղուած որեւէ քաղաքական յայտարարութիւն կրնայ պայթիւնավտանգ իրավիճակ յառաջացնել երկրի մը մէջ, ուր բացառիկ ճիգերով կը պահպանուի միջհամայնքային համակեցութիւնը եւ թելէ կախուած կը մնայ պետական հաստատութիւններու բնականոն բանիլը: Յայտարարողը պիտի հաշուարկէ իւրաքանչիւր բառին, վերագրումին, կոչին, այցելութեան վայրին, հանդիպումին հետեւանքը: Իսկ այդ բոլորին յաջորդող գետնի վրայ որեւէ անօրինական դրսեւորումի դիմողը պիտի գիտակցի, որ իր արարքը, բացի զոհեր խլելէ, կրնայ յանգիլ պետական հաստատութեան գործունէութեան առկախման:

Խորհրդարանի նախագահին միջամտութիւնը որեւէ  ճգնաժամի պահուն, կը յուշէ  դիպաշարի հանգուցալուծման վերջին արարը: Անոր կանխահաս միջամտութիւնը ունի երկու տրամաբանութիւն: Կա՛մ նախաշեմին ենք հանգուցալուծման, կա՛մ ալ ճգնաժամի մագլցումի վտանգի կանխատեսումով խորհրդարանի նախագահը չ՛ուզեր սպասել վերջին արարի հասունացման:

Կառավարութեան կազմութեան գործընթացը ապրած էր երկար ոդիսական: Բոլորը ակնդէտ կը սպասէին անոր լոյս գալուն: Լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւնները, շրջանային եւ տեղական մարտահրաւէրներու դիմաց ժամացոյցի դէմ պայքար մղելու անհրաժեշտութեան առջեւ են հիմնախնդիրներուն լուծում բերելու առաջադրանքով:

Այս բոլորին առընթեր կայ բնական պահանջ իրաւական պետութիւն ունենալու տեսլականով անկախ արդարադատութեամբ դէպքերուն գնահատական տալու: Տարակարծութիւնները կը խորանան այստեղ, երբ իւրաքանչիւր կողմ կը պաշտպանէ նախ եւ առաջ իր շահերը եւ ատով իսկ քաղաքական տագնապի էութիւն կու տայ խնդիրներուն:

Լիբանանը դեռ հեռու է իրաւապահ մարմիններու ազդեցիկ – առարկայական գործունէութիւն ցուցադրելու կարելիութենէն: Դեռ չէ մօտեցած, ըստ երեւոյթին, անկախ արդարադատութիւն ունենալու եւ դէպի իրաւական պետութիւն կայացնելու սկզբունքային քայլեր առնելէ: Դեռ հեռու է մանաւանդ քաղաքական լարուած իրավիճակները օրինական դաշտին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծելու էական նախադրեալներէն:

Այս տուեալներու իրականացման ատեն եւ գուցէ անկէ ետք է միայն, որ քաղաքական որեւէ ճգնաժամ ո՛չ միայն չ՛առաջնորդեր զինեալ բախումի, այլ նաեւ կառավարութիւնը կը համախմբէ արտակարգ դրութեամբ հարցերը լուծելու եւ քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքը բնականոն հուն վերադարձնելու:

«Ա.»

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է ՀՅԴ – ԱԺՄ Հանդիպումը

Յաջորդը

Քաթար Տոհայի Մէջ Աֆղանական Խաղաղութեան Բանակցութիւններու Յաջողութիւնը Յայտարարեց

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.